Թուրք-ազրպէյճանական Զօրավարժութիւններուն Նպատակը Հայաստանը Ահաբեկելն է. Թրքական ԶԼՄ-ներ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ ցամաքային զօրքերու եւ օդային ուժերու մասնակցութեամբ՝ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն համատեղ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով hurriyet.com.tr

Զօրավարժութիւններուն պիտի ներգրաւուին երկու երկիրներու զինանձնակազմը, զրահամեքենաները, հրետանային միջոցներ, ականանետեր, ինչպես նաեւ ռազմական թռիչքներ եւ ՀՕՊ։

Ըստ ծրագիրի՝ զօրավարժութիւնները ցամաքային զօրքերու ներգրաւումով Օգոստոս 1-5 պիտի իրականացուին Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ, Յուլիս 29-Օգոստոս 10 Պաքուի, Նախիջեւանի, Գեանճայի, Քիւրտամիրի եւ Եւլախի մէջ՝ ռազմական թռիչքներու ներգրաւումով։

Թրքական լրատուամիջոցները, անդրադառնալով նիւթին, գրած են, որ ասիկա կապուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած յուլիսեան մարտերուն հետ եւ յաւելցուցած, որ Թուրքիոյ եւ Ազտրպէյճանի կողմէ իրականացուող նշեալ զօրավարժութիւններուն նպատակն է  ահաբեկել Հայաստանը։

twitter sharing button
pinterest sharing button