Որպէսզի Հիթլէրեան Նախընթացը Չկրկնուի… Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աշխարհի նորագոյն պատմութիւնը ուսումնասիրող ուսանողը, երբ կը հասնի Բ. Աշխարհամարտը կանխող տասնամեակներուն եւ կը սկսի սորվիլ կործանարար պատերազմին պատճառներուն ցանկը, կը հանդիպի հետեւեալ հաստատումներուն. Հիթլէրի շղթայազերծած պատերազմը հետեւանք էր նա՛եւ այն վիճակին, որ կը տիրէր Եւրոպայի մէջ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք: Հիթլէր կը ներկայացուի իբրեւ ծնունդը՝ պարտեալ Գերմանիոյ ապրած յուսախաբութեան ու անոր պարտադրուած սանձումներուն. «Ֆիւհրէր»ը նոր դրօշակիրն էր գերմանական կայսրութիւն մը ստեղծելու նախորդներուն երազանքին, իսկ Եւրոպայի հզօրները տարիներ շարունակ հանդիսատեսի աչքով հետեւեցան անոր ծայրայեղական քայլերուն, ուժի վերակուտակումին եւ այլոց հանդէպ ոտնձգութիւններուն, աճող վտանգը տեսնելով հանդերձ՝ ձեռնածալ մնացին, որովհետեւ, ի շարս ալ պատճառներու, յոգնած էին պատերազմելէ, չէին նախընտրեր լայնածիր նոր պատերազմի մը մէջ մտնել: Ուսանողը իր գիտելիքներուն վրայ կ’աւելցնէ նաեւ այն մեկնաբանութիւնը, թէ Եւրոպան եւ Գերմանիոյ հակադիր ուժերը եթէ զգաստ ըլլային ու աւելի կանուխ շարժէին Հիթլէրի դէմ, աշխարհին հաւանաբար խնայուէր Բ. Աշխարհամարտը:

(Կան անշուշտ բազմաթիւ այլ բացատրութիւններ, մեկնաբանութիւններ, որոնց շարքին այն՝ որ կային Հիթլէրի Գերմանիոյ հետ առեւտուր ընող-շահ ապահովողները…: Այս ու նման մեկնաբանութիւններ ձգենք այս փակագիծին մէջ):

***

Հիթլէրի Գերմանիոյ հզօրացումն ու անոր հանդէպ կրաւորականութիւնը, անտարբերութիւնն ու գործնական քայլերու բացակայութիւնը որբ պարագայ չէ աշխարհի պատմութեան մէջ, սակայն բաւականանանք անով, արձանագրելու համար մեր մտահոգութիւնը:

100 տարի առաջ, Սեւրի դաշնագիրով տարանջատումի ենթարկուած Օսմանեան կայսրութիւնը կաշխատի վերաձեւաւորել ինքզինք, նման Հիթլէրի Գերմանիոյ: Մասնաւորաբար Էրտողանի իշխանութեան շրջանին, Թուրքիա միանգամընդմիշտ մէկդի ձգած է նախորդներուն քողարկեալ տարազները: Թուրքիոյ ձեռքերը կ’երկարին անմիջական դրացիներէն շատ անդին, դէպի Ափրիկէ, արաբական աշխարհի ու Ասիոյ որոշ գօտիներ եւ, անուղղակիօրէն՝ դէպի Եւրոպա: Այս բոլորը տեղի կ’ունենան բռնատիրութիւններ եւ կայսրութիւններ մերժող աշխարհին բաց աչքերուն առջեւ: Թուրքիա ո՛չ միայն զինուորական միջամտութիւններ կ’ընէ հոս-հոն (քաջալերանք ալ կը ստանայ նման արկածախնդութիւններէ շահ ապահովողներէ), այլ նաեւ աչքերը տնկած է այլ շրջաններու վրայ, այն բարձրաղաղակ «արդարացումով», թէ այդ շրջանները մաս կազմած են Օսմանեան կայսրութեան: Աւելին, Թուրքիա լաւագոյնս կը շահագործէ գաղթականներու տագնապը՝ նիւթապէս կողոպտելու համար իր… դաշնակիցները՝ եւրոպացի, ամերիկացի եւ… արաբ:

Օսմանեան կայսրութեան դաժան ժառանգութիւնը ծածուկ չէ: Եթէ մենք՝ հայերս կրած ենք ծանրագոյն հետեւանքները՝ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ենք, այլ երկիրներ ու ժողովուրդներ, անկախ իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութենէն, առաւել կամ նուազ չափով ճաշակած են եաթաղանին համը:

Անցեալի ու այսօրուան այս իրականութիւններուն քաջածանօթ աշխարհը, մասնաւորաբար մենք՝ հայերս ու ճակատագրակիցներ՝ յոյն, կիպրացի, արաբ, քիւրտ եւ այլք, միասնաբար կանգնած ենք մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման. կասեցնել Օսմանեան կայսրութեան ու համաթուրանական ծրագիրներուն ծաւալումը, աւելին՝ զսպել եւ իր չափին վերադարձնել Թուրքիան: Հիթլէրի Գերմանիոյ հանդէպ ցուցաբերուած կրաւորականութիւնն ու անգործութիւնը աղէտ բերին: Էրտողանի յոխորտանքներուն իրականացումը նուազ աղէտալի պիտի չըլլայ: Նախաճաշակները կը կրենք նա՛եւ մենք, թուրք-ազերի անսքող գործակցութեամբ:

Ուրեմն, պէտք է արթննալ եւ գործի լծել պետական, դիւանագիտական, քաղաքական եւ կարելի բոլոր միջոցները, որպէսզի հիթլէրեան նախընթացը չկրկնուի: