Ձեր Սխրագործութիւններով Սերունդներ Պիտի Կրթուին. Վեհափառ Հայրապետը Զինուորական Հիւանդանոց Այցելած Է

Այլեւայլ, Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Յուլիս 21-ին, այցելած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական դարմանատնային զինուորական հիւանդանոց՝ տեսակցելու վերջին օրերուն Տաւուշի մէջ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինծառայողներուն հետ։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանի Facebook-ի էջէն:

ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի, ՀՀ ԶՈւ ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի ուղեկցութեամբ եւ հիւանդանոցի ղեկավարութեան առաջնորդութեամբ՝ Նորին Սրբութիւնը եղած է տարբեր բաժանմունքներու հիւանդասենեակներու մէջ՝ հայրապետական իր օրհնութիւնն ու շուտափոյթ ապաքինման բարեմաղթանքները բերելով մերօրեայ հերոս զինուորներուն։ Իր աղօթքը հնչեցնելով իւրաքանչիւր զօրականի բժշկութեան համար՝ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատած է հայորդեաց քաջարի ոգին, որուն շնորհիւ մեր ժողովուրդը կ՝ապրի խաղաղութեան մէջ, ապահովութեան զգացումով։

«․․․Մեր խոնարհումը կը բերենք ձեզի։ Ձեր սխրագործութիւնները պիտի յիշուին մեր ժողովուրդի պատմութեան բոլոր ժամանակներուն։ Ձեր սխրագործութիւններով սերունդներ պիտի կրթուին ու դաստիարակուին։ Այդ սերունդներն են, որ պիտի հասակ առնեն նոյն ոգիով, նուիրումով եւ նոյն յանձնառութեան գիտակցութեամբ պիտի իրենց ծառայութիւնը բերեն մեր Հայրենիքին։ Ինչպէս այսօր դուք, նաեւ ապագայ սերունդները պիտի գիտակցին, որ Հայրենիքն է մեր ուժը, զօրութիւնն ու գոյութեան երաշխիքը»,- ընդգծած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ հայցելով Աստուծոյ Աջի հովանին Հայոց բանակին, սպայական կազմին եւ զինուորներուն, որպէսզի շարունակեն իրենց քաջագործութիւններով հպարտութիւն պարգեւել մեր ժողովուրդին։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ աւելցուցած է, որ Հայոց Եկեղեցին եւ ողջ ժողովուրդը այսօր աղօթքով զօրավիգ ու աջակից է հայրենեաց պաշտպաններուն։ «Այդ բարձր գնահատանքի, երախտագիտութեան զգացումը ունի ոչ միայն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, այլեւ Սփիւռքի հայութիւնը։ Այսօր իւրաքանչիւրը իր հերթին զինուորագրուած է մեր երկրի մղած արդար պայքարին՝ դուք սահմանի վրայ, անոնք իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ։ Դուք նոր ոգի ներշնչեցիք մեր ժողովուրդին, յաղթութեան ոգի եւ ձեր առ հայրենին սէրը վստահաբար կ՝ոգեւորէ եւ կը խանդավառէ իւրաքանչիւր հայորդի»,- ըսած է Գարեգին Երկրորդ Կաթողիկոսը։

Հայրապետը բոլորին ընծայած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեան եւ մանրանկարներով տէրունական խաչեր։ Այցին ընթացքին՝ Նորին Սրբութիւնը զրոյց ունեցած է հիւանդանոցի բուժանձնակազմին հետ՝ իր գնահատանքը փոխանցելով անոնց մատուցած կարեւոր ծառայութեան, նուիրումին եւ մեծ ջանքերուն համար ի նպաստ զինծառայողներու առողջութեան վերականգնման։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ այցելած է կեդրոնական դարմանատնային զինուորական հիւանդանոցի մատուռ, ուր աղօթք բարձրացուցած է հայրենի երկրի խաղաղ ու անվտանգ կեանքի համար: