Կարեւոր Է, Որ Այս Իրողութիւնը Վերածենք Քաղաքական Յաջողութեան. Վիգէն Բաղումեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

19 Vուլիսին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք պատերազմի սկսելէն ի վեր թէեւ առաջին ընտրութիւնները չէին, բայց առաջինն էին` գրեթէ ամբողջ Սուրիոյ մէջ կայացող:

Սուրիոյ այս ընտրութիւններուն, հայկական գաղութի մասնակցութեան եւ յատկապէս հայ երեսփոխաններու ընտրութեան եւ խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայութեան մասին «Ալիք» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ճրտգ. Վիգէն Բաղումեանի հետ:

Վ. Բ.- Մենք վերջին շրջանին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած ենք երկու պատգամաւոր, որոնք ընտրուած են մէկը` Դամասկոսէն, միւսը` Հալէպէն: Այս անգամ, քանի որ մեծ թիւով թեկնածուներ գրանցուած էին եւ ոչ միայն հայ, այլ ընդհանուր առմամբ թեկնածուներ, հետեւաբար խնդիրը քիչ մը աւելի բարդ էր եւ անհրաժեշտ էր, որպէսզի համապատասխան գործունէութիւն ծաւալուի` քարոզչական եւ այլ միջոցներով, որպէսզի սուրիահայ համայնքը չկորսնցնէ խորհրդարանին մէջ այդ երկու տեղերը:

Նշեմ նաեւ` քանի որ նախավերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 2016-ին, ուստի նոր խորհրդարանի ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենային Ապրիլին, բայց «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով յետաձգուեցան եւ վերջապէս, Յուլիսի 19-ին կայացան Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Պէտք է ըսել, որ Սուրիոյ մէջ հայերու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն առանձին քոթաներու վրայ չի հիմնուիր, այսինքն` Իրանի նման չէ. իրենք չունին երկու տեղ, որոնց կ՝ընտրեն հայերը: Այնտեղ թեկնածուները ընդհանուր քուէներով կ՝ընտրուին եւ ընտրատարածքներու բաժանումներուն հիման վրայ թեկնածու կ՝ըլլան: Մէկ խօսքով` հայերու լիարժէք թուաքանակ այնտեղ գոյութիւն չունի իբրեւ այդպիսին եւ անոնք պէտք է ընտրուին նաեւ արաբներու եւ միւսներու տուած քուէներուն հաշուին, քանի որ զուտ հայկական քուէն չի բերեր ցանկացած արդիւնքի: Ընդհանուր թեկնածուներ են եւ հետեւաբար այդ առումով քիչ մը բարդութիւններ կրնան ըլլալ:

Բարեբախտաբար, ընտրութիւններուն արդիւնքը կրնամ ըսել` գոհացուցիչ էր. երեք հայ թեկնածուներն ալ ընտրուեցան եւ նշեմ, որ խորհրդարանի պատգամաւորներուն թիւը խորհրդարանին մէջ 250-ն է, ուր մենք երեք խորհրդարանական իրաւագիր ստացանք:

Հայ պատգամաւորներէն երկուքը արդէն նախկին խորհրդարանին մէջ կային` Ժիրայր Րէիսեանը եւ դոկտ. Նորա Արիսեանը: Երրորդը, որ այս ընտրութիւններուն յաջողեցաւ անցնիլ խորհրդարան առաջին անգամ` իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանն է:

Ժիրայր Րէիսեանը եւ Լիւսի Իսկէնեանը ընտրուած են Հալէպէն, իսկ Նորա Արիսեանը՝ Դամասկոսի շրջանէն:

Որքան կարեւոր է այսօր ընտրութիւններու նման պատկերը մեզի համար հարցին` Վ. Բաղումեանը պատասխանեց,- «Չափազանց կարեւոր է այս ընտրութիւններուն նման պատկերը մեզ համար, քանի որ, գիտէք, այսօր քաղաքական իրավիճակը` Թուրքիոյ հետ, Սուրիոյ ներքին կեանքի հետ կապուած եւ բազմաթիւ այլ պատճառներով, մեզ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ, որ բարեկամ երկիր Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, երկրի անկախութիւնը, ամբողջականութիւնը պաշտպանելու ամրապնդումով: Ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ, ուր մենք` հայերս, հակառակ հակասիրիական չարախօս շրջանակներու գործունէութեան եւ տարածած մտքերուն, ինչպէս միշտ այժմ եւս կը կանգնինք սուրիական պետութեան եւ ժողովուրդի կողքին, ընդդէմ բոլոր այդ հիւանդագին քաղաքականութեան, որ բերաւ երկրի քայքայման, բերաւ ահաբեկչական շրջանականերու կառոյցներու տեղակայման, որոնք կը հովանաւորուէին Թուրքիոյ կողմէն: Ասոնց դէմ պայքարին մէջ, մենք ալ մեր բաժին դերակատարութիւնը պէտք է ունենանք, որպէսզի կարենանք հասցնել նպատակայարմար տեղ»:

Նաեւ պէտք է շեշտել, որ Հայաստանի համար Սուրիան, իբրեւ բարեկամ երկիր, անչափ կարեւոր է, որ այս յաջողութիւնը մենք կարենանք կեանքի մէջ վերածել նաեւ քաղաքական յաջողութեան:

Ա. Է.

«ԱԼԻՔ»