ԱՄՆ Քաղաքացիները Ազրպէյճանին Տրուող Ֆինանսաւորումը Դադրեցնելու Պահանջով Ստորագրահաւաք Սկսած Են

Աշխարհ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները ստորագրահաւաք սկսած են եւ կը պահանջեն դադրեցնել ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնն ու USAID-ի ֆինանսաւորումը Ազրպէյճանին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Սպիտակ տան պաշտօնական կայքէն, որուն միջոցով սկսած է ստորագրահաւաքը:

«Ամերիկացի հարկատուներու աւելի քան 1,5 միլիառ տոլար կը ծախսուի մենատիրական կառավարութեան ֆինանսաւորման համար, որ կը կառավարեն քարիւղով հարուստ Իլհամ Ալիեւը՝ նախագահ, եւ անոր կինը՝ փոխնախագահ: Այդ գումարները իւրացուած եւ օգտագործուած են տարածաշրջանային պատերազմներ հրահրելու համար»,- նշուած է ստորագրահաւաքի մեկնաբանութեան մէջ:

Ստորագրահաւաքի կազմակերպիչները կը նշեն, որ ատրպէյճանական արժէքները չեն համընկնիր Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական արժէքներուն հետ եւ ոչ մէկ օգուտ կը բերեն ժողովուրդին։

«Մենք ՝ ամերիկացի ժողովուրդը, կ՝ուզենք դադրեցնել Ազրպէյճանի ամբողջական ֆինանսաւորումն ու օգնութիւնը եւ այդ գումարները ուղղել այլ վայրեր, ինչպէս փոքրամասնութիւններու ֆինանսաւորումն ու հնարաւորութիւններու ընդլայնումն ու բարգաւաճումը, կրթութիւնն ու պետական այլ ծրագիրներ։ Դադրեցուցէք ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնն ու USAID-ի ֆինանսաւորումը Ազրպէյճանին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 20-ին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած էր պաշտպանութեան յատկացումներու օրինագիծին մէջ փոփոխութիւններու մասին փաթեթը, որմով Ազրպէյճանին ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը պիտի խստացուի: