Տաւուշի Մարզին Մէջ Հակառակորդին Կողմէ Հրետակոծութեան Հետեւանքով Վնասուած Է Մօտ 50 Տուն․ Հայկ Չոպանեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Տաւուշի մարզին մէջ, հակառակորդի հրետակոծութեան հետեւանքով, վնասուած է 50 շինութիւն, որոնց 12-ը արդէն կը վերականգնուին։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յուլիս 20-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ, ըսած է Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան։

«Այս պահուն մենք ունինք 50 շինութիւն, որոնք այս կամ այն չափով վնասուած են, անոնցմէ 12-ի վրայ արդէն սկսած են վերանորոգման աշխատանքները։ Հաւանաբար այս ընթացքին ըլլան թուային փոփոխութիւններ, քանի որ կը պատահի, որ յայտնաբերենք որեւէ տուն, որ, այնուամենայնիւ, վնասներ կրած է»,- նշած է  Չոպանեան եւ աւելցուցած, որ գումարային առումով ընդհանուր գնահատական դեռ չեն կրնար տալ եւ վերջնական ուսումնասիրութիւնները իրականացնելէ ետք՝ անպայման հանդէս պիտի գան պաշտօնական յայտարարութեամբ։