«Սահմանային Համայնքներու Հզօրացում» Դրամահաւաք-արշաւ. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը  կը սկսի «Սահմանային համայնքներու հզօրացում» դրամահաւաք-արշաւը: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն, որ տարիներ շարունակ աջակցութիւն ցուցաբերած է համայնքներուն՝ ենթակառուցուածքներու հիմնարար ծրագրերով, համայնքային կեդրոններ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հիւանդանոցներ, հասարակական բնակարաններ կառուցելով, բուժանձնակազմերուն նոր գիտելիքներ փոխանցելով, հիւանդանոցներուն նորագոյն սարքաւորումներ տրամադրելով, նորարարական գիւղատնտեսական նախագիծերով, արեւային ուժանիւթի վահանակներով ու ջրատաքացուցիչներով, մաքուր խմելու ջուրով եւ այլն։

«Սահմանապահ համայնքները Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար ունին ռազմավարական նշանակութիւն, ուստի այդ համայնքներուն անվտանգային, տնտեսական եւ հասարակական աջակցութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է։ Հիմա աւելի, քան երբեւէ, այս աջակցութիւնը անհրաժեշտ է, որ պիտի օգնէ հզօրացնելու Տաւուշի սահմանային բնակավայրերու միջոցները եւ կայունացնելու համայնքները, ամուր պահելու հայրենի հողն ու ջուրը, եւ, ի վերջոյ, ապահովելու սահմաններու անվտանգութիւնը։ Օրեր առաջ խախտուած հրադադարը կրկին ալեկոծեց մեր երկրի խաղաղութիւնը։ Այսօր սահմանային համայնքներու բնակիչները մեր, իբրեւ միասնական համահայկական ընտանիքի, աջակցութեան կարիքը ունին։

Հաւաքագրուած ամբողջ գումարը պիտի ուղղուի սահմանային համայնքներու ամենահրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող հասարակական-տնտեսական խնդիրներու հասցէագրման՝ սկսեալ վնասուած տուները վերակառուցելէն, համայնքները վերականգնուող ուժանիւթով եւ խմելու ջուրով ապահովելէն, տուժած համայնքներուն հասարակական աջակցութիւն ցուցաբերելէն, սահմանային հիւանդանոցները հզօրացնելէն մինչեւ դպրոցականներուն հեռավար կրթութեան համար անհրաժեշտ գործիքներ տրամադրելը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հիմնադրամը կոչ կ՝ընէ միանալու համահայկական այս կարեւոր ձեռնարկին։ Ցանկացողները նուիրատւութիւնները կրնան իրականացնել՝ փոխանցումներ կատարելով «Հայաստան» հիմնադրամի դրամատնային հաշուեհամարներուն, ինչպէս նաեւ հիմնադրամի կայքին մէջ ստեղծուած հատուկ դրամահաւաք-արշաւի այս հարթակին միջոցով՝

https://www.himnadram.org/hy։

«Նուիրատւութիւնները կրնաք իրականացնել նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող հիմնադրամի տեղական մարմիններուն միջոցով։ Բոլոր նուիրատուներուն անունները եւ նուիրաբերած գումարներուն չափը համակարգը պիտի ամրագրէ այս էջին վրայ: Դրամահաւաք–արշաւին վերաբերեալ ամփոփիչ հաշուետւութիւնը պիտի ներկայացուի ծրագրի աւարտին։ Միասի՛ն հզօրացնենք մեր սահմանապահ համայնքները»,- նշուած է հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:

լուսանկարը՝ Հայկ Պիանճեանի