Հայաստան Արտադրուած Ռոպին Մարդամեքենան «ԵուՍիԷլԷյ» Մանկական Հիւանդանոցին Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յարութ Չէքիճեան

Մինչ 16 Յուլիս 2020-ին ազերիները Հայաստանի խաղաղ բնակիչները կը ռմբակոծէին, Լոս Անճելոսի «Ֆոքս11» հեռատեսիլի կայանի «Բարի օր» յայտագիրի  խօսնակ Վանեսա Պորճ ներկայացուց Հայաստանի գիտնականներուն կողմէ պատրաստուած Ռոպին մարդամեքենան, որ յաջողութեամբ կ՛օգտագործուի Լոս Անճելոսի համալսարանի մանկական հիւանդանոցին մէջ: Ստորեւ կը թարգմանեմ լրատուութիւնը (1), (դիտել տեսերիզը):

«Նոր պաշտօնեայ մը կայ «ԵուՍիԷլԷյ»-ի Մաթթել մանկական հիւանդանոցին մէջ: Ռոպինը կ՛օգնէ հոգեպէս՝ խրախուսելով մանուկները, որոնք բուժումի կ՛ենթարկուին: Ռոպինը մարդկային էակ չէ, այլ մարդամեքենայ մը, որ Հայաստանի մէջ գիտնականներու կողմէ ստեղծուած է:

««ԵուՍիԷլԷյ»-ը Ամերիկայի մէջ առաջին հիւանդանոցն է, որ ձեռք ձգեց Ռոպինը:

«Ռոպինը ճշգրիտ կերպով գիտէ, թէ մանուկ մը ի՛նչ կ՛ուզէ: Եթէ հիւանդանոցներէ կը վախնաս՝ Ռոպինը քովդ է: Եթէ մինակ կը զգաս՝ Ռոպինը քովդ է: Առաւել նաեւ, կ՛օգնէ՝ քանի որ ան կը նմանի «Փիքսարի Ուոլ-Իին» (Pixar’s Wall- E! – Համակարգչային «Տիզնի» մանկական շարժանկար):

«Փոխանակ խօսելու ճերմակ զգեստով չափահասի մը հետ, «ԵուՍիԷլԷյ»-ի Մաթթել մանկական հիւանդանոցին մէջ մանուկ հիւանդները երկխօսութեամբ կը յարաբերին Ռոպինին հետ:

««ԵուՍիԷլԷյ»-ի մանկական բժիշկներ՝ Ճասթին Ուակնըրը եւ Շանթ Շխրտըմեանը ուղղակի ականատես են, թէ Ռոպինը որքա՜ն կ՛օգնէ իրենց փոքրիկ հիւանդներուն:

««Մեր փոքրերը միաժամանակ ծնողքէն մէկուն հետ միայն արտօնուած են ժամանակ անցնել, որ ճնշիչ (stressful) վիճակ է» կ՛ըսէ բժ. Ուակնըր: Եւ պսակաժահրի համավարակին հետեւանքով, հիւանդները իրար հետ պէտք չէ մօտէն յարաբերին, ուստի Ռոպինը լաւագոյն փոխարինողն է:

«Իրապէս օգտակար է: 9 շաբաթներու վրայ երկարած ուսումնասիրութիւնը, ուր 200 մանուկներ օգտագործեցին Ռոպինը՝ հաստատեց, որ անոնց հրճուանքը 26 տոկոս բարձրացաւ եւ ճնշուածութիւնը 34 տոկոս նուազեցաւ: Այս չէր միայն. «Ոչ թէ միայն մանուկներուն մէջ՝ այլ նաեւ պաշտօնէութեան եւ ընտանիքներուն պարագային ալ անոնց ճնշուածութիւնը նուազեցաւ եւ ուրախ տրամադրութիւնները աւելցան» կ՛ըսէ բժ. Շխրտըմեան:

«Ռոպին կը ժպտի, մէկ աչքը կը թարթէ եւ տեսերիզներ ու երաժշտութիւն կը ցուցադրէ իր պաստառին վրայ: Ան կը ճանչնայ եւ ուսումնասիրելէ ետք մանուկին դէմքը՝ արտայայտութիւնը, համապատասխան յարմար ելոյթ կ՛ունենայ:

«Օրինակի համար, հիւանդ աղջնակ մը, որ քանի մը օր է կը մերժէր ուտել, Ռոպին անոր կ՛ըսէ. «Ես պիտի երթամ իմ բարդս (battery) լեցնելու, ուրեմն, դուն ալ գնա ճաշէ որպէս զի ետքը կարենանք միասին խաղալ». եւ աղջնակը այլեւս չի մերժեր ճաշել»:

18 Յուլիս 2020

Դիտել տեսերիզը այստեղ:

(1) https://www.foxla.com/news/robin-the-robot-helping-to-improve-lives-of-children-at-ucla-hospital

ջ