Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախկին Նախարարը Ձերբակալուեցաւ 12 Զոհերու Մասին Յայտարարութեան Պատճառով

Աշխարհ

Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Ղազիեւը (1992-1993), կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»։

Ծառայութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ձերբակալութեան պատճառը պետութեան դէմ սադրանք կատարելն է. Ռ. Ղազիեւ ընկերային ցանցերու վրայ նպատակաուղղուած կերպով տարածած է սադրիչ տեղեկութիւններ, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ, նաեւ ան կոչ ուղղած է՝ քաղաքացիական անկարգութիւններ կատարելու եւ պետական մարմիններ շէնքերը գրաւելու:

Ռ. Ղազիեւի ձերբակալութեան իսկական պատճառը, սակայն, անոր այն յայտարարութիւնն է, որ ատրպէյճանական կողմը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպին պատճառով ունի 12 զոհեր: Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ձեռնարկած սադրիչ ռազմական գործողութիւններուն ձախողութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դրած է բարդ իրավիճակի մէջ: Այժմ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ ամէն ձեւով ծածկել իր իրական կորուստները, իսկ Ղազիեւի ձերբակալութիւնը այդ նպատակը կը հետապնդէ։