Գերմանիա Հայաստան կը գործուղէ Բժիշկներու Խումբ Մը

Աշխարհ, Հայաստան

Յուլիս 13-ին Հայաստան ժամանեց Գերմանիոյ միջազգային որոնողական եւ փրկարարական կեդրոնէն (ISAR) բժշկական անձնակազմ մը։

Աջակցութիւն Հայաստանին. Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան շնորհիւ, Հայաստան կու գայ այս խումբը, որ բաղկացած է բժիշկներէ, հիւանդապահներէ եւ արտակարգ իրավիճակներու փորձագէտներէ, որ պիտի միանայ «Քորոնա» ժահրին դէմ Հայաստանի մէջ տարուող պայքարին:
Յատուկ օդանաւով Գերմանիայէն Հայաստան ժամանած առաքելութեան աշխատանքները պիտի տևեն մինչև Յուլիս 24: