Եթէ Հարցը Ունի Ռազմական Լուծում, Ուրեմն Արցախի Քաղաքացիները Շատոնց Լուծած Են Այդ Հարցը. Վարչապետի Մամուլի Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեան Facebook-ի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով.

«Կարդացի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ նախօրէին Խաթայի շրջանին մէջ ըրած յայտարարութիւնները ու պիտի ըսեմ, որ պատմութեան խորխորատները մտնելու Ատրպէյճանի նախագահի շարունակական փորձերը իսկապէս զաւեշտալի են: Ան կը պնդէ, թէ հայերուն մասին ոչ մէկ յիշատակում կայ 1800-ականներու սկիզբը կնքուած Քիւրակչայի պայմանագրին մէջ:

Միամտօրէն մտածած ենք, թէ պարոն Ալիեւը ծանօթ է անտիկ պատմագրութեան ամենաժողովրդավար գործերուն՝ Հերոդոտոսի պատմութեան, Քսենոփոնի «Նահանջ բիւրոց»-ին, Ստրաբոնի «Աշխարհագրութեան», Պլինիոս Աւագի, Պլուտարքոսի, Կասսիուսի, Ապպիանոսի, Տակիտոսի, Ամմիանոս Մարկելինոսի, արաբ հեղինակներ Բալաձորիի, Ալ Մասուդիի, եւրոպացի նշանաւոր ճանապարհորդներ՝ Ռուբրուկի ու Մարկօ Պոլոյի երկերուն, որոնց մէջ ծաւալուն նիւթ զետեղուած է աստուածաշնչեան Հայաստան-Արմենիա երկրի ու անոր բնիկ հայ ժողովուրդին մասին։

Եթէ պարոն Ալիեւը վերոնշեալ հեղինակներուն չի վստահիր, գոնէ բարի ըլլար կարդալու 16-19-րդ դարերու օսմանցի հեղինակները՝ Իպրահիմ Փեւչեւին, Մուսթաֆա Նայիմայը, Ռաշիտը, Իսմայիլ Ասըմ Էֆենդին, Սուլէյման Իզղին, Քեաթիպ Չելեպին, Ահմէտ Ջեւտէթ փաշան, Էվլիա Չելեպին, որոնց մէկ մասը ոչ միայն առատ տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստան աշխարհի մասին, այլեւ ճամբորդելով Արմենիա-Էրմենիստանով, շփուած է անոր հայ-քրիստոնեայ բնակիչներուն հետ։

Հակառակ պարագային, 19-րդ դարու որեւէ փաստաթուղթի մէջ հայերու յիշատակուած ըլլալ-չըլլալուն մասին խօսելով ինքզինք վատ վիճակի մէջ չէր դներ: Անտիկ ժամանակէն հայերը եւ Հայաստանը կը յիշատակուին պատմագրական երկերու, պատմական փաստաթուղթերու, քարտէզներու մէջ:

Կարծած ենք, թէ պարոն Ալիեւի իմացութիւնը անոր պիտի թոյլ տար լաւ իմանալու դեռ վաղ միջնադարուն Արցախի մէջ հայերու կողմէ կառուցուած ու հայատառ արձանագրութիւններով պարուրուած Ամարասի, Դադիվանքի, 13-րդ դարու Գանձասարի մասին: Վերջինս, ի դէպ, մինչեւ պարոն Ալիեւի յիշատակած Քիւրակչայի պայմանագրի ժամանակները, 18-րդ դարու առաջին կիսուն, Արցախի մէջ հայերու կողմէ ստեղծուած, Իրանի Նատիր շահի կողմէ յատուկ հրովարտակով Իրանի դաշնակից երկիր ճանչցուած Խամսայի մելիքութիւններու հոգեւոր կեդրոնն էր:

Եւ ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանը կ՝ըսէ, որ Արցախը Հայաստան է, այլ նոյնինքն Ամարասը, նոյնինքն Դադիվանքը, նոյնինքն Գանձասարը՝ իրենց հայերէն գրաւոր արձանագրութիւններով:

Պարոն Ալիեւը կը փորձէ պնդել, թէ Միւնիխի խորհրդաժողովին վարչապետ Փաշինեանը իբրեւ հայ ներկայացուցած է թագաւոր մը, որ հայ ժողովուրդին հետ որեւէ ընդհանուր բան չէ ունեցած:

Գոնէ վերոնշեալ հեղինակներէն ամչնար: Ճիշդ է, անոնք Ատրպէյճանի մասին ոչինչ գրած են, բայց անոնք մեղաւոր չեն, որ ներկայ Ատրպէյճանի տարածքին, մինչեւ 1918 թուականը, նման երկիրի չեն հանդիպած: Եթէ նկատի ունի իրանական Ատրպատականը, որ այժմ ալ իր տեղն է՝ Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը, ապա անիկա որեւէ կապ չունի իր ղեկավարած երկրին հետ։ Եթէ այդ հարցով ալ կը խարխափի, ուրեմն կրնայ դիմել ժամանակակից իրանցի պատմաբաններուն, անոնք կը հարստացնեն պարոն Ալիեւի գիտելիքները։

Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացին, պարոն Ալիեւի վերջին յայտարարութեան մէջ յստակ յիշատակուած է հարցի չկարգաւորման պատճառը. այն է, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու լիակատար անտեսումը:

Եւ ինչպէ՞ս պէտք է ասոր արձագանգեն Արցախի քաղաքացիները: Բնականաբար՝ իրենց իրաւունքները պիտի պաշտպանեն, եւ քանի դեռ Ատրպէյճանը այդ իրաւունքը չէ ճանչցած, բանակցութիւնները արդիւնաւէտ չեն կրնար ըլլալ: Ներառեալ՝ սեփական իրաւունքներու շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն արցախահայութեան լիարժէք մասնակցելու իրաւունքը:

Ի վերջոյ, վարչապետ Փաշինեանը բանակցութիւններու գործընթացկ արդիւնաւէտ դարձնելու յստակ բանաձեւ առաջարկած է. Ղարաբաղի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Այս բանաձեւը կ՝ընդունի միջազգային հանրութիւնը, բայց այս բանաձեւը չ՝ընդունիր պարոն Ալիեւը, պնդելով, թէ հարցին կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ միայն Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար:

Ու ան մեզ կը մեղադրէ ֆաշիզմի մէ՞ջ: Եւ ինչո՞ւ անընդհատ կը պնդէ, թէ Ղարաբաղի հարցը ունի ռազմական լուծում:

Մեր արձագանգը նոյնն է. եթէ հարցը ունի ռազմական լուծում, ուրեմն Արցախի քաղաքացիները շատոնց լուծած են այդ հարցը:

Պարոն Ալիեւը հարցի չկարգաւորման մէջ կը մեղադրէ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները, Հայաստանը, պատմական արդարութիւնը, մինչդեռ պիտի մեղադրէ միայն ինքզինք, որ շատոնց հեռացած է քննարկումներու կառուցողական դաշտէն»: