Հայաստանի Մէջ Տարեկան Դրութեամբ Պիտի Արտադրուի 50 Հազար Գնդացիր

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանի ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Հայաստանի մէջ բացուած «Քալաշնիքով» գնդացիրի գործարանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ վարչապետի մամուլի վարչութենէն։

Վարչապետը շրջագայեցաւ«Նեյտրոն ԳԱՄ» գործարանի հիմերուն վրայ կառուցուած «ԱԿ-103 Կալաշնիկով» գնդացիրի հաւաքման արտադրամասին մէջ եւ ծանօթացաւ արտադրութեան գործընթացին: Շրջագայութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

Վարչապետին տեղեկացուցին, որ գործարանին մէջ տարեկան դրութեամբ պիտի արտադրուի 50 հազար գնդացիրներ։ Նախատեսուած է նաեւ՝ նանօ մանրաթելերու, ինչպէս նաեւ անկէ բացի այլ իրերու արտադրութիւն։

Գործարանին մէջ յատկապէս պիտի արտադրուին տեսողական-ելեկտրոնային սարքեր եւ գիշերային ջերմային նշանահարներ:  Ամբողջական փորձարկումէ ետք պիտի սկսի արտադրութիւնը եւ մէկ տարուան ընթացքին անիկա պիտի բաւարարէ  Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պահանջը:

0708nikol_kalashnikov1

Հայաստանի մէջ ռուսական նշանաւոր գնդացիրներու արտադրութեան համաձայնագիրը ստորագրուած էր Օգոստոս 2018ին՝ «Royalsys Engineering ltd.» ընկերութեան եւ «Կալաշնիկով» ձեռնարկութեան միջեւ:

Արտադրանքին մէկ մասը պիտի համալրէ Հայաստանի զինուած ուժերուն սպառազինութիւնը, իսկ միւս մասը պիտի արտածուի։

Վարչապետ Փաշինեան այցելութեան ընթացքին կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ «Քալաշնիքով»ի արտադրութեան հիմնումը եւ զայն գնահատեց իբրեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սերտ համագործակցութեան արդիւնք:

Կառավարութեան ղեկավարը ծանօթացաւ նաեւ «Նէյտրոն ԳԱՄ» գործարանի յառաջիկայ ծրագիրներուն: Նշուեցաւ, որ գործարանին կողմէ փամփուշտներու արտադրութիւնը Երեւան քաղաքէն պիտի տեղափոխուի Կոտայքի մարզին մէջ գտնուող արտադրական տարածքը։ Նշեալ տարածքները վերանորոգելէ եւ արդիական պայմաններով համալրելէ ետք պիտի սկսի 7.62×39 մմ., 7.62×54 մմ., 12.7 մմ., 9×18 մմ. եւ 9×19 մմ. տրամաչափերու փամփուշտներու արտադրութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք նաեւ պիտի աւելնան նոր աշխատատեղեր։

Նշենք, որ Ռուսիոյ «Սփեցմաշինժինիրինք» ընկերութեան հետ կնքուած են շուրջ 24 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիրներ՝ 7.62×39 մմ., 7.62×54 մմ., 12.7 մմ. տրամաչափերու փամփուշտներու արտադրութեան համար ժամանակակից եւ արդիական հոսքագիծեր ու սարքաւորումներ ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ խորհրդային արտադրութեան առկայ գիծերը վերանորոգելու գծով։

0708nikol_kalashnikov2