Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Ուղերձ Յղած Է Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Այսօր Սահմանադրութեան օրն է: Այսօր կը նշենք նաեւ պետական խորհրդանիշերու օրը:

Մենք ունինք պետականութեան միասնական խորհրդանիշեր` պետական դրօշ, զինանշան, օրհներգ եւ մէկ միասնական Սահմանադրութիւն:

Պատմութիւնը ոչ միայն լաւ ուսուցիչ է, այլեւ` ակամայ յուշարար: Անիկա անընդհատ կը յիշեցնէ եւ կը յուշէ մեզի չմոռնալու,

որ իբրեւ պետութիւն ու հասարակութիւն յաջողութեան հասնելու գրաւականը ձեռք ձեռքի տուած, միասնաբար երկիրը կառուցելն է, որ մենք ունինք նախ` պետական եւ ազգային ընդհանուր շահեր, յետոյ միայն` անձնական կամ մասնաւոր, որ բարձրագոյն արժէքը մարդն է,

որ Սահմանադրութիւնը ոչ միայն իրաւունք ու պարտականութիւն է, այլեւ` մտածողութեան ու գործունէութեան մշակոյթ, արժեհամակարգ, փիլիսոփայութիւն:

Երբ աւելի քան 200 տարի առաջ Շահամիրեանները գրեցին «Որոգայթ փառացը», մենք դեռ պետութիւն չունէինք, սակայն «Որոգայթ փառացը» գրուեցաւ իբրեւ ապագայ Հայաստանի Սահմանադրութիւն` երազանքով յուսալով, որ պիտի գայ այդ` հայոց պետականութեան ժամանակը, պետականութիւն` զերծ փառքի որոգայթներէն:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Մեզմէ առաւելագոյն ջանքեր ու պատասխանատւութիւն, կարգապահութիւն եւ զգօնութիւն կը պահանջուի մարտահրաւէրները արժանապատւութեամբ յաղթահարելու եւ առաջ շարժելու համար: Մենք պարտաւոր ենք ըլլալու շրջահայեաց, միասնական ու նախաձեռնող, որ ունենանք եւ վաղուան սերունդներուն փոխանցենք կայուն եւ զարգացած երկիր` ուժեղ պետութեան, համերաշխ եւ հանդուրժող հասարակութեան, պետական անխաթար խորհրդանիշերու` դրօշի, զինանշանի, օրհներգի, պետութեան զարգացման եւ ազգային միասնականութեան հիմքը կազմող Սահմանադրութեան տեսքով, իբրեւ հզօր եւ բոլոր առումներով առողջ Հայաստան:

Կը շնորհաւորեմ բոլորս եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն ու լաւատեսութիւն:

Աստուած պահապան մեր հայրենիքին եւ բոլորիս»: