ՀՀ Վարչապետ Փաշինեանի Ուղերձը` Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով:

«Այսօր (Յուլիս 5) Հայաստանի մէջ կը նշուի Սահմանադրութեան օրը, որուն առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս: Պէտք է անկեղծ արձանագրել, սակայն, որ ինչքան ալ բոլորս կը հասկնանք Սահմանադրութեան կարեւորութիւնը պետութեան կայացման, հանրային եւ պետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին էմջ, այս պետականօրէն նշուող օրուան մէջ ինչ որ կիսատութիւն կայ, լիարժէքութեան պակաս:

Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ երեք անգամ պաշտօնապէս արձանագրուած է, որ ժողովուրդը հանրաքուէով ընդունած է Սահմանադրութիւն կամ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Բայց այդ հանրաքուէներէն ոչ մէկին արդիւնքները վստահելի չեն համարուած հանրութեան կողմէն: Հայաստանի քաղաքացիները իրենցը չեն համարած Սահմանադրութիւն ընդունելու կամ փոփոխելու որոշումը, իրենցը չեն համարած նաեւ այդ որոշումներուն իբրեւ արդիւնք ընդունուած Սահմանադրութիւնը:

Ասիկա մեր պետական կառոյցի ամենամեծ համակարգային թերութիւնն է, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը, ըստ էութեան, քաղաքացիներու պայմանաւորուածութիւն պիտի ըլլայ քաղաքացի-քաղաքացի, պետութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւններուն մասին: Եւ ըստ այդմ, պետական կարգը պէտք է բխի քաղաքացիներուն կամքէն, պետական կարգի հիմքին պէտք է քաղաքացիներուն կամարտայայտութիւնը դրուած ըլլայ, որ պետութեան անսասանութիւնը երաշխաւորող գործօն պիտի դառնայ, պետութեան ճակատագրի համար քաղաքացիներու ստանձնած պատասխանատւութեան արգասիք, պետութիւն ունենալու քաղաքացիներու կամքի արտայայտութիւն:

Յատկապէս վերջին շրջանի շարք մը իրադարձութիւններու վերլուծութիւնը զիս յանգեցուցած է այն մտքին, որ Հայաստանի քաղաքացիները երկրի պետական կարգը յաճախ իրենցը չեն համարեր, չեն տեսներ այդ կարգի օրկանական կապը իրենց կամքին հետ:

Ու հակառակ ասոր, իմ դիրքորոշումը եղած է այն, որ Սահմանադրութեան յաճախակի փոփոխութիւնները անհարկի ճնշուածութեան կ՝ենթարկեն պետական համակարգը, Սահմանադրութեան անընդհատ փոփոխութիւնները կը բերեն անորոշութիւններու, նախորդ պարբերութեան մէջ նշուած հանգամանքներու գիտակցումը զիս բերած է այն եզրակացութեան, որ մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն, որ քաղաքացիներու կամքին վրայ յենուած, քաղաքացիներու կամքէն բխող պետական կարգ պիտի հաստատէ Հայաստանի մէջ:

Նոր Սահմանադրութիւնը, ըստ այդմ, պէտք է ստեղծուի ոչ թէ որոշ անձի, անձերու, քաղաքական ուժի կամ խումբի ճաշակով ու «հագով», ոչ թէ  որեւէ իշխանութեան վերարտադրութիւնը ապահովելու նպատակ պէտք է ունենայ, այլ ժողովուրդի իշխանութիւնը ամրացնելու, ժողովուրդի կամքէն բխող պետական կարգ ունենալու եւ պետութիւն ունենալու քաղաքացիներու կամքը արտայայտելու ռազմավարական հարցը պէտք է լուծէ:

Այս գործընթացը մեկնարկած է, յոյս ունինք նոր Սահմանադրութեան նախագիծին ձեւաւորումը պիտի անցնի հնարաւորինս լայն հանրային քննարկում եւ 2021 թուականին կայանալիք հանրաքուէով պիտի ընդունուի ժողովուրդի ազատ կամարտայայտմամբ: Այս կարեւոր գործին մէջ բոլորիս յաջողութիւն կը մաղթեմ»: