Արաբական Մամուլը Լայնօրէն Անդրադարձած է Արմէն Սարգսեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հարցազրոյցին

Uncategorized

Արաբական յայտնի ` 1875թ. հիմնադրուած եւ օրական 1 միլիոն տպաքանակով լոյս տեսնող «Ահրամ» (Եգիպտոս) օրաթերթին մէջ Յունիս 25-ին հրապարակուած` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը լայն արձագանգ գտած է արաբական աշխարհի այլ յայտնի լրատուամիջոցներու մէջ:  Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Անոնցմէ ոմանք ոչ միայն անդրադարձած են հարցազրոյցին, այլեւ` իրենք ալ վերատպած են զայն, եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելով Հայաստանի նախագահին խօսքը. «Մենք չենք կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենք կրնար հաշտուիլ ատոր հետեւանքներուն հետ: Մենք չենք կրնար անտեսել զոհերու եւ վերապրածներու տառապանքները եւ անոնց սերունդներու համար պէտք է ապահովենք անվտանգ ու արժանապատիւ ապագայ»:

«Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի. Օսմանցիները իրականացուցին պատմութեան մէջ ամենազարհուրելի Ցեղասպանութիւնը» վերնագրուած հարցազրոյցը մասնաւորապէս արտատպուած է քրտական հեղինակաւոր ANF (Firat News Agency) լրատուական գործակալութիւնը:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ արտատպած է սուրիական հեղինակաւոր «Ալ Ազմինա” պարբերականը:

Յիշեցնենք, որ հարցազրոյցին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կարեւորութեան եւ ցեղասպանութեան դասերու մասին:

«Ցաւալի է գիտակցիլ, որ մարդկութիւնը դասեր չքաղեց Հայոց Ցեղասպանութենէն, ան մոռցուեցաւ, երկար ժամանակ մնաց չճանչցուած ու չդատապարտուած, որ կրնար կանխել մարդկութեան պատմութեան ընթացքին յետագայ նման ոճրագործութիւնները: Եւ մարդկութիւնը ատկէ ետք նորէն ականատես եղաւ այլ ցեղասպանութիւններու,-հարցազրոյցին մէջ մասնաւորապէս ըսած էր նախագահ Սարգսեան: -Իմ խորին համոզումով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն հայերուս համար է, այլ առաջին հերթին այն համամարդկային անանց արժէքներու նկատմամբ մօտեցման հարց է, այդ չարիքը կանխարգիլելու հարց: Նոյն այս գիտակցութեամբ կ՛առաջնորդուի Հայաստանը` իր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը սահմանելով ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը եւ այս ուղղութեամբ աշխուժօրէն քայլեր ձեռնարկելով ազգային եւ միջազգային մակարդակներով»: