Փարաջանովի «Յակոբ Հովնաթանեան» Շարժանկարը՝ FLC- ի Առցանց Շարժանկարի Ցուցադրութիւններու Ծրագիրին Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Նիւ Եորքի Լինքոլն կեդրոնի շարժանկարի բաժինը (FLC) 2020 Յունիս 26-էն առցանց շարժանկարի ամառնային ցուցադրութիւններու ծրագիրին մէջ ընդգրկած է Սերգէյ Փարաջանովի երեք վերականգնուած կարճ շարժանկարները՝ «Յակոբ Հովնաթանեան» (1967), «Արաբանախշեր Փիրոսմանիի թեմաներով» (1986), «Քիեւեան որմնանկարներ» (1966)։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնի Facebook-ի էջէն:

FLC- ի առցանց շարժանկար-թատրոնը կը գործէ Մարտէն ի վեր՝ մեկնելով «քորոնա» ժահր համաճարակէն։

Փարաջանովի այս երեք ուշագրաւ վաւերագրական աշխատանքները 2019-ին ընտրուած էին Նիւ Եորքի միջազգային 57-րդ շարժանկարի փառատօնին համար:

«Յակոբ Հովնաթանեան» շարժանկարը վերականգնուած է Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնի եւ լեհական Fixafilm ընկերութեան միացեալ ուժերով՝ «Համօ Բեկ-Նազարեան. հայ շարժանկարի դասականներ» նախագիծին ծիրէն ներս: Վերականգնման արտադրողն է Տենիէլ Պըրտը։ Վերականգնման աշխատանքները նիւթական աջակցութիւն ստացած են Kino Klassika հիմնադրամէն (Լոնտոն):

Ի դէպ, Լինքոլն կեդրոնի շարժանկարի բաժինը (FLC-ն) պիտի ցուցադրէ նաեւ վաղամեռիկ տաղանդաւոր բեմադրիչ Մարիա Սահակեանի «Փարոս» շարժանկարը:

2018 Օգոստոսին հայ շարժանկարի ժառանգութեան օգտագործման իրաւունքները՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան որոշումով, անցան Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնին։ Եւ այդ պահէն ալ սկսած է շարժանկարներու վերկանգնման եւ թուայնացման կարեւոր գործընթացը։

2018-ին լեհական FIXAFILM ընկերութեան կողմէ առաջինը վերականգնուած եւ թուայնացուած է Սերգէյ Փարաջանովի «Յակոբ Հովնաթանեան» (1967թ․,10 րոպէ) վաւերագրական շարժանկարը։ Անիկա, թուայանցումէն ետք, ստացած է նոր կեանք ու շնչառութիւն։ Շարժանկարը անմիջապէս ցուցադրութեան հրաւէրներ ստացած է աշխարհի յայտնի շարժանկարի փառատօներէն, թանգարաններէն, գրադարաններէն։