Ցեղասպանութեան Ժխտման Մղձաւանջը Կը Հալածէ Էրտողանը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.
Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման եւ ժխտման Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը նոր հանգրուան մը մտած է՝ «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն հակադարձելու եւ ռազմավարութիւն մշակելու նպատակով ինքնուրոյն եւ քաղաքացիական նոր կառոյց մը» հիմնելու թրքական պետութեան որոշմամբ։
Քաղաքացիական կառոյց հասկացողութիւնը բաւական ընդգրկուն է եւ իր մէջ կրնայ ներառել ոչ անպայման թուրք հասարակական խաւեր, հաւաքականութիւններ, շարժումներ եւ հոսանքներ, որոնք ձեւով մը, ատիկա ըլլայ լեզուական, արենակցական, համայնքային թէ այլ, կապերու եւ յարաբերութիւններու, նաեւ՝ շահերու պաշտպանութեան միջոցներով կրնան սերտօրէն առնչուիլ Թուրքիոյ պետական համակարգին հետ։Ասոր բաւական ցայտուն օրինակը վերջերս երեւան եկաւ Լիբանանի մէջ, երբ մերտինցիներու շահերու պաշտպանութեան անուան տակ թաքնուած միութեան մը լիբանանցի պատասխանատուն յանկարծ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու վրայ հրապարակեց Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան զօրակցութեան հայհոյախառն տեսերիզ մը, որ ապա նաեւ վերածուեցաւ հայութեան հասցէին անարգանքի լոզունգներ բացագանչող երիտասարդներու խելայեղ երթի մը։ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն արեւմտահայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան համար պատիւ զգացող այս հոսանքը լիբանանեան հասարակութեան կողմէ թէեւ չարժանացաւ ողջոյնի խօսքերու, սակայն մթնոլորտը բաւական լարեց՝ մինչեւ իսկ համայնքային որոշ լարուածութեան պատճառ դառնալով։
Անշուշտ միամիտ պէտք է ըլլալ, հաւատալու, որ այս ալիքին ետին Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը չէր կանգներ։
Թուրքիոյ պետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մին է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ ուրացման դիրքորոշման առնչուած որոշակի գործունէութիւններու ծրագրումն ու համակարգումը, որ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նախապէս կայացած էր բարձրագոյն մակարդակի խորհրդակցական նիստ մը, որուն ընթացքին Էրտողան սեղանի վրայ դրած էր միջազգային բեմերուն վրայ հայկական լոպիներուն դէմ դնելու նպատակով յստակ կառոյցներ ստեղծելու հրամայականը։ Այս իմաստով գլխաւոր թիրախը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող մեր Հայ Դատի գրասենեակներն ու մարմիններն են, որոնց տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ՝ Քոնկրէսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդունման բանաձեւը կեանքի կոչուեցաւ։
Թրքական մտահոգութեան կարկինը այս անգամ սակայն աւելի լայն բացուած է։ Ակնարկութիւնը յստակօրէն կ՛երթայ դատական գործերու, որոնք դարձեալ գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բացուին Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ առայժմ անհատական մակարդակի վրայ, հատուցման պահանջներով։ Դատական մէկ գործ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բացուած, Թուրքիոյ պետութիւնը արդէն իսկ բաւական նեղ կացութեան մատնած է, զայն մերժելու, նկատի ունենալով, որ պահանջը կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին, որ աճապարեց դիմելու արդարադատութեան նախարարութեան, որպէսզի եզրակացութեան մը հասնի։ Այս դիմումը ինքնին ցուցանիշ էր, որ Թուրքիոյ դատական համակարգը էապէս քաղաքականացած է եւ իր հրահանգները կը ստանայ քաղաքական իշխանութիւններէն։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, որովհետեւ արդարադատութեան նախարարութիւնը Սահմանադրական դատարանը յորդորեց, որպէսզի մերժէ դատական դիմումը։
Թրքական իշխանութիւններուն ներկայի մտահոգութիւնը գլխաւորաբար նման դատերու հետ առչուելու եւ անոնցմէ բխելիք դատաիրաւական հոլովոյթներու դէմ դնելու ծրագրին հետ կապ ունի, որ ինչպէս կը նշուի իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ եւ Էրտողանի սերտ գործակից Ճեմիլ Չիչեքի հեղինակած նախագիծին մէջ, «հայերը սկսած են դատական գործերու ստեղծման հոլովոյթի մը, որ վերջին շրջանին բազմաթիւ օրինակներով երեւան եկած է»։
Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն հակադարձելու եւ ռազմավարութիւն մշակելու համար ստեղծուելիք ինքնուրոյն քաղաքացիական կառոյց մը ստեղծելու այս քայլը կը նշանակէ, որ աշխարհի տարածքին, եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, թրքական դեսպանատուները գործելաձեւի նոր ոճեր պիտի դրսեւորեն։Ասոնց ուսանելի օրինակը եղաւ տեսերիզը մի ոմն Մունիր Հասանի, որ ինքզինք ներկայացուց իբրեւ Մերտինցիներու արաբական- լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը։
Հայ Դատի մեր բոլոր գրասենեակներուն եւ մարմիններուն կազմակերպ եւ հետեւողական աշխատանքէն չափազանց «դժգոհ» թրքական իշխանութիւնները պետական մակարդակի վրայ նոր աշխատելաոճի մը ձեռնարկած են։Կասկած չկայ, որ Հայ Դատի զինուորագրեալները պատրաստ են՝ դիմակալելու այս մարտահրաւէրը։