Նախագահը Ստորագրեց Ազգային Ժողովի Կանոնակարգին Մէջ Փոփոխութիւններու Եւ Լրացումներու Վերաբերող Օրէնքները

Հայաստան

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրած է Ազգային ժողովին  կողմէ ընդունուած «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ անոր կից ներկայացուած օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքներու փաթեթը, որուն ստորագրութեամբ ինքզինք կը զրկէ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ստորագրելու լիազօրութենէ: Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ հրապարակուելէ ետք:

Այս օրէնքի ընդունումէն ետք նախագահ Արմէն Սարգսեան  այլեւս լիազօրութիւն չունի ստորագրելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը, որուն հրապարակումէն ետք կը դադրեցուի Սահմանադրական դատարանի 3 անդամներու` Ալուինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանտ Նազարեանի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեանը կը շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ անդամ:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ հրապարակման յաջորդ օրը: