Շըրմըն Եւ Շարք Մը Այլ Քոնկրեսականներ Շեշտեցին Արցախի Ականազերծման Աջակցելու Կարեւորութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 2021ի Միացեալ Նահանգներու պետական ամավարկին մէջ արտաքին աջակցութեան մասին քննարկումներուն ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պրետ Շըրմըն եւ շարք մը այլ քոնկրեսականներ 23 Յունիսին շեշտեցին Արցախի ականազերծման աջակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Գրաւոր կամ տեսանթիւով վկայութիւններ տուողներուն մէջ էին նաեւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Թի. Ճէյ. Քոքս, Ճան Կարամենտի, Ճիմ Հայմզ, Քերոլայն Մըլոնի, Էտըմ Շիֆ եւ Ռաշիտա Թլէյպ, որոնք նեցուկ կանգնեցան նաեւ Հայաստանին աջակցելու Հայ Դատի կոչերուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան  շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ քոնկրեսականներուն։

Վկայութիւնները ունկնդրելու կամ կարդալու համար այցելել http://asbarez.com/194858 կայքէջը։