«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Լիբանանի Հայկական Կրթական Հաստատութիւններուն եւ Լրատուամիջոցներուն

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 55 հազար ԱՄՆ տոլարի նուիրատւութիւն կատարած է` աջակցելով Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք երկրին մէջ տիրող ընկերա-տնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն, միջոցները հաւաքուած են Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հիմնադրամի տեղական կառոյցներուն կողմէ:

«Այժմ, երբ մեր բոլոր ճիգերը ուղղուած են սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին, կարեւոր է նաեւ ձեռք մեկնել Լիբանանի մէջ անելանելի դրութեան մէջ գտնուող  մեր կրթամշակութային օճախներուն, ինչպէս նաեւ տասնեակ տարիներ գործող հայալեզու լրատուամիջոցներուն: Լիբանանի մէջ ընկերա-տնտեսական ծանր ճգնաժամն ալ աւելի ահագնացաւ համավարակի տարածմամբ: Աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները համահայկական հիմնադրամի մշտական ուշադրութեան տակ են»,- կը նշէ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

Ի յաւելումն այս աջակցութեան, ընհանուր առմամբ 10 հազար ԱՄՆ տոլար համամասնաբար պիտի տրամադրուի Լիբանանի հայկական լրատուամիջոցներուն` «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2019-ի Դեկտեմբերին Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի միջոցով հայկական 18 կրթական ու փոխանցած էր 150 հազար տոլարի նուիրատուութիւն, որմէ 50 հազարը` Արցախի կառավարութենէն: