Օծուեցաւ եւ Վերատեղադրուեցաւ Մայր Տաճարի Գմբէթի Խաչը (լուսանկարներ, տեսանիւթ)

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունիս 14-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Արարատեան տօներու շաբաթը պսակող կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը:

Տօնին առիթով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ՝ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Տրդատ Գ. հայոց արքայի անունը կրող բաց խորանին։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գերաշնորհ տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Միածնաէջ Մայր տաճարի հիմնադրման խորհուրդին եւ կարեւոր նշանակութեան ու առաքելութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդէ http://ter-hambardzum.net/-ը։

Տօնին բերկրանքը աւելցաւ այլ նշանակալի իրադարձութեամբ մը։ Նկատի առնելով, որ Միածնաէջ Մայր տաճարի ամրակայման աշխատանքներու հերթական փուլի աւարտին իբրեւ արդիւնք ամբողջութեամբ հիմնանորոգուած էր տաճարին գմբէթը, Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ տաճարի գմբէթի նորակերտ խաչի օծման արարողութիւնը։ Տաճարի հին խաչը, որ վնասուած էր ժամանակներու ներգործութեան պատճառով, իր մշտական հանգրուանը պիտի գտնի Մայր Աթոռի թանգարանին մէջ։

Բաց խորանին առջեւ, ըստ ընկալեալ կարգի, նախ սաղմոսներու ներքոյ գինիով եւ ջուրով լուացուեցաւ խաչը, ապա սուրբգրային ընթերցուածքներէն ու աղօթքներէն ետք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը սրբալոյս միւռոնով օծեց զայն։

Տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, նաեւ կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մաղթանք:

Հոգեւոր դասը եւ ներկայ բարեպաշտ հայորդիները միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Բարձրեալն Աստուած Հայոց Ընդհանրական Մայր Աթոռի՝ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անոր սրբազան առաքելութեան յարատեւ իրականացման համար։

Այնուհետեւ, նորաօծ խաչին առջեւ, Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ համայն մեր ժողովուրդին՝ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին եւ Մայր տաճարի գմբէթի խաչին օծման ուրախալի առիթով։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքի աւարտին՝ ծաղիկներով զարդարեալ օծուած խաչը հանդիսաւոր թափօրով տարուեցաւ Մայր տաճարին առջեւ, ուրկէ ներկաներու գոհաբանական մաղթանքներուն եւ շարականներու երգեցողութեան ներքոյ՝ կռունկով բարձրացուեցաւ եւ տեղադրուեցաւ տաճարի գմբէթին։