Պէյրութի Մէջ Ցուցարարները Հսկայական Քանդում Կը Պատճառեն, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Ու Անոնց Միջեւ Կ՛արձանագրուին Սաստիկ Բախումներ

Աշխարհ

Լիբանան, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութն ու հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին, ապահովական լուրջ խախտումներով լեցուն շաբաթավերջ մը անցուց: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Տիրող ապահովական այս լուրջ խախտումներուն լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրին` նախագահական պալատին մէջ, քննարկելու համար երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք մեծ թիւով ցուցարարներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր կատարեցին ցոյց մը «Համայնքային դրութեան դէմ լիբանանցիներ» խորագիրով:

Ցուցարարները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ եւ պաստառներ, որոնք կոչ ուղղեցին` տապալելու փտածութեան համակարգը իր բոլոր ճիւղաւորումներով եւ ծալքերով:

Ցոյցին ընթացքին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ներկայութիւն էին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր:

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ բանտարկեալներու հարազատներ, որոնք պահանջեցին համաներման օրինագիծը վաւերացնել եւ իրենց զաւակները ազատ արձակել:

Լիբանանեան Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ցուցարարներուն եւ կարգ մը երիտասարդներու միջեւ արձանագրուած են բախումներ, որոնք հակակշիռի տակ առնուած են` ցոյցը կազմակերպողներուն կողմէ, «բայց եւ այնպէս ցուցարարներուն միջեւ բախումները տարածուած են տարբեր շրջաններ, երբ նոր խմբաւորումներ եւս միախառնուած են ցուցարարներուն», նշուեցաւ լրատու գործակալութեան կողմէ:

Ցուցարարներուն մեծ մասը, սակայն,  փտածութեան, փտածներուն եւ համայնքայնութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ կարգախօսեր արձակեցին` հաստատելով, որ իրենց այս շարժումը համայնքին եւ յարանուանութեան դէմ ուղղուած չէ, որովհետեւ, իբրեւ լիբանանցիներ, բոլորս թիրախ ենք սովի, սղաճի եւ անգործութեան:

Ցուցարարները ընդգծեցին, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր ժողովրդային շարժումը հարուածել կը փորձեն, եւ կոչ ուղղեցին` բոլոր համայնքներուն եւ շրջաններուն միջեւ միասնականութեան եւ համագործակցութեան:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Տահր Պայտարի, Թաալպայայի, Պըտտաուիի, Նաամէի եւ Սայտայի մայրուղիները փակուեցան, ինչպէս նաեւ Թաալպայայի ու Թարշիշի ճամբաներն ու Թրիփոլիի Նուր հրապարակը փակուեցան` հրկիզուող անիւներով, իսկ աւելի ուշ վերաբացուեցան:

Գիշերուան ժամը 11:30-ին Թրիփոլիի մէջ մոթորսիքլեթներ վարող երիտասարդներ քարկոծեցին «Մալաք Թաուուք», «Ապու Սուպհի» եւ «Պըրկըր քինկ» ճաշարանները, փուռերն ու վաճառատուները` անոնց սեփականատէրերէն պահանջելով փակել զանոնք:

Երիտասարդները իրենց պահանջները պատճառաբանեցին ըսելով, որ իրենք անօթի են` սղաճին, անգործութեան եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումին պատճառով:

Լիբանանեան բանակը հետապնդեց այդ երիտասարդները, որոնց նպատակը քաղաքին մէջ խափանարարական արարքներ գործել էր:

Նոյն ժամուն խումբ մը այլ երիտասարդներ քարկոծեցին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի բնակարանը, ուրկէ բանակը հեռացուց զանոնք:

Աւելի ուշ Թրիփոլիի մէջ լսուեցան կրակոցներ:

Կէս գիշերին նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը շատ վտանգաւոր է: