Ֆրանսացի Բժիշկները Արդէն Հայաստան Հասած Են (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ՝ յատուկ չուերթով՝ ժամանած են Հայաստան՝ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ աջակցութիւն ցոյց տալու ՀՀ առողջապահական համակարգին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Facebook-ի էջէն։

Անոնք, ըստ նշուած տեղեկութեան, այսօր առաւօտ շատ կանուխ արդէն պիտի գտնուէին «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ:

«Ասիկա օտարերկրացի բժիշկներու ներգրաւման առաջին նմանատիպ նախաձեռնութիւնն է, որ իրականութիւն դարձաւ մեր գրասենեակի, USAID-ի եւ Առողջապահութեան նախարարութեան սերտ համագործակցութեամբ: Ֆրանսայի մէջ համավարակը յաղթած բժիշկներուն մեծ մասը առաջին անգամ է Հայաստանի մէջ, անոնք վստահ են, որ պիտի ներդնեն իրենց ողջ փորձն ու գիտելիքները մարդկային կեանքեր փրկելու պատասխանատու առաքելութեան մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի մասնագէտ բուժաշխատողները յառաջիկայ օրերուն գործունէութիւն պիտի ծաւալեն «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին, Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոպեդիայի գիտական կեդրոնին եւ «Սուրբ Աստուածամայր» ԲԿ վարակաբանական մասնաճիւղին մէջ: Օրերս «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութեան մասին յայտնած են Լիթվիան, Վրաստանը, Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութիւնը։