Վաքըֆի Մէջ Բացուած է Թուրքիոյ Առաջին Հայկական Թանգարանը (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հաթայ (Ալեքսանտրեթ) նահանգի Սամանտաղ գաւառին մէջ գտնուող հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ հիմնուած է երկրի առաջին հայկական թանգարանը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն` Վաքըֆի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Ճեմ Չափար գործակալութեան թղթակիցի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, թէ «Մուսալեռ» անունը կրող սոյն թանգարանին մէջ ներկայացուած են ոչ միայն հայ, այլ նաեւ` տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու մշակոյթները:

Չափար շեշտելով, որ այդ տարածքներուն մէջ «համատեղ մշակոյթ ձեւաւորուած է», նաեւ յայտնած, որ երկար ժամանակէ ի վեր իր տիկնոջ` Լորա Չափարի հետ միասին աշխատանքներ տարած են այս թանգարանի ծրագիրը իրագործելու ուղղութեամբ: Ճեմ Չափար նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, որոնք այս նախագիծին ընթացքին իրենց աջակցութիւն ցուցաբերած են, ինչպէս` Հաթայի նահանգապետ Ռահմի Տողանի, այլ պաշտօնատար անձերու եւ Արեւելեան Միջերկրականի զարգացման գործակալութեան:

Չափարի խօսքով` թանգարանին մէջ ցուցադրուած նմուշներուն մեծ մասը տրամադրած են գիւղի բնակիչները: Ան նաեւ ըսած է․ «Ատոր համար հարկ է առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել գիւղի բնակչութեան: «Քորոնա» համաճարակի պատճառով չկրցանք թանգարանի բացումը ընել: Քանի որ համեմատաբար բնականոն դրութեան մէջ մտանք, մեր թանգարանը այլեւս բացինք այցելուներուն առաջ: Յառաջիկային կը կատարենք նաեւ թանգարանի պաշտօնական բացումը»: