«Էրեբունի» Բժշկական Կեդրոնին Մէջ 5.6 քկ․ Կշիռով Երեխայ Մը Ծնած է

Այլեւայլ

«Էրեբունի» Բժշկական կեդրոնին մէջ Մայիսին ծնած է 445 երեխայ, որոնցմէ 215-ը աղջիկ, 230-ը տղայ։ Անոնց մէջ 10 երկուորեակ կայ:

Նորածիններու շարքին է նաեւ 5 քկ․ 600 կ․ կշիռով Դաւիթը: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ բժշկական կեդրոնի ֆէյսպուքեան էջէն:

«Հակառակ երեխայի մեծ չափերուն` յղիութեան ընթացքին մայրիկը խնդիրներ չէ ունեցած: Դաւիթը ընտանիքի 6-րդ երեխան է: Իսկ ընդհանուր առմամբ, Մայիսին հանրապետութեան ամենաշատ ծնունդները ինչպէս միշտ «Էրեբունի» կեդրոնին մէջ եղած են»,-կը յայտնեն բժշկական կեդրոնէն: