Քոլորատոյի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Զոհ՝ Ոստիկանութեան Բռնութիւններուն Դէմ Ցոյցերուն

Սփիւռք

Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք, ոստիկանութեան բռնարարքները դատապարտող ցուցարարներ սրբապղծեցին նաեւ Քոլորատոյի նահանգային իշխանութիւններուն կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաստատուած խաչքար-յուշարձանը՝ յիշեցնելով, որ այդ յուշարձանը զետեղուած է այլ անարդարութեան մը զոհ գացած հաւաքականութեան մը յիշատակին։

Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութիւնը նաեւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու տարածքին սեւամորթներուն դէմ գործադրուած ոստիկանութեան յաճախակի բռնարարքները։