«Քորոնա»ով Վարակուածներուն 440-ին Վիճակը Ծանր Է, 55-ինը՝ Շատ Ծանր. Արսէն Թորոսեան

Հայաստան

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան առցանց ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներուն, որոնց թիւը 5896 է, 440-ին վիճակը ծանր է, իսկ 55-ինը՝ շատ ծանր:

«Քիչ քանակ քննութիւններ կատարուած են Կիրակի օրը, որովհետեւ տարրալուծարաններէն մէկ մասը չէին աշխատեր ամբողջական ծանրաբեռնուածութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնք պարբերաբար պիտի կանգնին նախապահպանական հանգիստի, որպէսզի քննութիւններու որակեալ արդիւնք ունենանք: Լարուած կը մնայ նաեւ հիւանդանոցային մահճակալներու ծանրաբեռնուածութիւնը, յատկապէս վերակենդանացման մահճակալներու, որոնք ամենակարեւորն են այս պահուն: Ունինք ծանր վիճակի մէջ 440 քաղաքացի եւ ծայրայեղ ծանր 55 քաղաքացի, որոնցմէ 16-ը միացած է թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքին», դիտել տուաւ Թորոսեան:

Ան տեղեկացուց, որ Յունիս 1-ի դրութեամբ՝ հաստատուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը 9492 է, որոնց 3402-ը  ապաքինած են:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած են 58,668 քննութիւններ, իսկ մահերուն թիւը բարձրացած է 139-ի: