Եռագոյնի Օրհնութիւն եւ Սուրբ Պատարագ Լիմասոլի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 31 Մայիսին, Լիմասոլի (Կիպրոս) մէջ, շուրջ երեք ամսուան ակամայ բացակայութենէ ետք, տեղի ունեցաւ
Ս.Պատարագ՝ Հոգեգալստեան տօնին առիթով եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ հոգեւոր հովիւի Facebook-ի էջէն։
Յընթացս Պատարագի տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մաղթանքի արարողութիւն եւ դրօշի օրհնութիւն։ Յաւարտ սուրբ պատարագի՝ անկախութեան բագինին զոհուած քաջամարտիկներու հոգիներուն համար տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստի արարողութիւն։
Անկախութեան եւ Հոգեգալստեան զոյգ պատգամները փոխանցեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւը։