ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչներուն Յիշատակը

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 102-ամեակին առիթով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը յարգեց անկախութեան կերտիչներուն յիշատակը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Առաջին առիթով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Ֆըրն Շըպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ուր հանգչած են նուիրեալներէն մաս մը: Ապա Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ` ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց , տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի թեմի կղերական դասէն ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան եւ դեսպանատան անձնակազմը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայ եւ նախկին անդամները, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը, կոմիտէներու հերթապահները, ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Պատանեկան ԸՎՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի թեմի ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու ` Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչներ, կուսակցական նախկին երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, «Ազդակ» օրաթերթի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնները:

Հայաստանի դեսպանը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծաղկեպսակներ զետեղեցին պանթէոնին առջեւ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ  Տիգրան Ճինպաշեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արտակարգ եւ արտասովոր կացութեան պատճառով մայիսեան ժողովրդային բազմամարդ տօնակատարութեան փոխարէն (որուն սովոր էինք) կը կատարենք, փոքրաթիւ ֆիզիքական մասնակիցներով, ժամանակակից արհեստագիտութեան շնորհիւ, թերեւս աւելի բազմամարդ` բազմահազար մասնակիցներով ոգեկոչումներ:

«Ամէն տարի ոգեկոչած ենք այն պատմակշիռ իրողութիւնը, որ Մեծ Հայքի թագաւորութեան անկումէն, այսինքն 1045-ին Անի մայրաքաղաքի Բիւզանդական կայսրութեան յանձնումէն ուղիղ 873 տարի ետք, Մեծ Հայքի մէկ փոքր հատուածին վրայ մենք կրկին պետականութիւն ունեցանք: Մայրաքաղաք ունեցանք:

«Պետականութենէ զուրկ գրեթէ 9 դարերու ընթացքին մեր հայրենիքը կռուախնձոր դարձաւ յաջորդական ներխուժողներու միջեւ: Հայ ժողովուրդը յաճախ պայքարեցաւ, բայց աւելի շատ ու յաճախ լքեց իր երկիրը ու տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:

«Ազգերու պատմութիւնը իրենց հայրենիքներու պատմութիւնն է. Ֆրանսայի պատմութիւն, Գերմանիոյ պատմութիւն եւ այլն, մերը` հայոց պատմութիւն է, հայերու պատմութիւն է, որովհետեւ որոշուած սահմաններով եւ Հայաստան անունով պետական կազմաւորում երկար ատեն չենք ունեցած: Տեղական կայծկլտումներ եղեր են հոս ու հոն, ինքնապաշտպանական պայքարներ ունեցեր ենք, բայց նաեւ շարունակ ենթարկուեր ենք բռնագաղթի, ոչ միայն բռնագաղթի, այլեւ հեռացեր ենք մեր երկրէն` կամաւոր, զանազան հեռաւոր վայրերու մէջ ստեղծելով հայկական կղզեակներ, հոգեւոր Հայաստաններ, որոնք ժամանակի մաշումով դադրեր են գոյութիւն ունենալէ, դարձեր են յուշ:

«Հայրենիքը լքելով հեռանալու ու հեռուներէն անոր ազատագրութիւնը ցանկալու սովորութիւնը մեր ազգային նկարագիրին առանձնայատկութիւններէն մէ՞կն է, թէ՞ հետեւանք է հալածանքներու եւ բռնաճնշումներու ստեղծած այլասերման, չեմ գիտեր: Մենք հիմա ալ նոյն կերպ կը վարուինք դժուարութեանց դիմաց, իրական կամ երեւակայածին անարդարութիւնները պատրուակ բռնելով, կը լքենք մեր բնակավայրերը` սկսելով մեր հայրենիքէն:

«1918 թուականի մայիսին տեղի ունեցածը ժխտումն է այս ազգակործան ունակութեան: Հայաստանի մը գոյութիւնն իսկ ժխտող յափշտակիչին դիմաց թումբ կանգնելով, հայուն մնացած փոքր տարածութիւնը գրեթէ անելանելի պայմաններու մէջ արիաբար պաշտպանելով վերջին հողակտորը, ուր սեղմուած ենք, Հայաստանի մը ստեղծումը` այո՛, պատմակշիռ իրագործում է: 30 մայիսի անկախութեան հռչակագիրը տակաւին կը խօսի «Հայկական գաւառներ» կոչուած անորոշ հողատարածքի մը մասին, որուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Հայոց Ազգային խորհուրդը:

«Հայաստանի անկախութիւնը կերտած եւ շուրջ 2 ու կէս տարի «անձեւ քաոսը», հայկական գաւառները պետութեան վերածած ընտրեալները, անլուր զոհողութիւններ յանձն առած քաղաքական այրերը, գաղթական դարձան ու Հայաստան վերադառնալու երազը իրենց սրտին` ապրեցան ու գործեցին Հայաստանէն հեռու: Ամէն տեղ անոնք անդուլ անկախութեան գաղափարը վառ պահեցին, ճգնեցան, հոգեւոր Հայաստաններ ստեղծեցին եւ սփիւռքացած արտասահմանի գաղթական հայութեան մօտ առկայծ պահեցին միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը:

«Անկախ Հայաստանը չունեցաւ հանրապետութեան նախագահ: Խորհրդարանական կառավարման վարչակարգը իբրեւ պետական առաջին անձնաւորութիւն կը ճանչնար խորհրդարանի նախագահը: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը Հայոց Ազգային խորհուրդի հիման վրայ ստեղծուած Հայաստանի խորհուրդն էր, որուն նախագահը` Աւետիք Սահակեանը, ծանօթ Հայր Աբրահամ անունով, կը հանգչի այս պանթէոնին մէջ: Փաստօրէն, Հայաստանի առաջին նախագահին աճիւնն է այստեղ: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այլազան պետական պաշտօններ վարած ուրիշներու հոյլի մը աճիւնները եւս ամփոփուած են Լիբանանի գերեզմանատուներու մէջ: Թուենք ամէնէն ուշագրաւները. Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Կարօ Սասունի, Վարվառէ Սահակեան, Լոլա Սասունի, Սասունցի Մուշեղ, Արշակ Յովհաննիսեան, Արտաշէս Յովսէփեան (Մալխաս), Մուրատ Պետրոսեան, Վարդան Շահպազ, Վահան Փափազեան (Կոմս): Տասնեակներով ուրիշներ ալ, տարբեր երկիրներու տարբեր գերեզմանատուներու մէջ ցրուած կը մնան:

«Հայրենի հողէն զրկուած այս շիրիմները մեզի կը յուշեն, որ Հայաստանը վերացական գաղափար չէ: Լեռնաշխարհն է ապրող ու ստեղծագործող ազգի մը, հայ ազգին, որ, թէեւ ցրուած երկրագունդի բոլոր հորիզոնականներու տակ, հաւատարիմ կը մնայ 28 մայիս 1919-ին յայտարարուած Միացեալ, ազատ անկախ Հայաստանի հռչակագիրին, որուն համաձայն, ներկայիս գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի ծաւալին ու վերածուին Սեւրի դաշնագիրով միջազգային ճանաչման արժանացած ու նախագահ Ուիլսընի վճռագիրով սահմանագծուած Միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանին: Հայերը պիտի համախմբուին իրենց պապենական հողերուն վրայ ու հայոց պատմութիւնը շարունակուի իբրեւ Հայաստանի պատմութիւն»:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: