«Գոհաբանական Մաղթանք» եւ Հայոց Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Այնճարի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան 102-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Մայիս 31, 2020-ին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Գոհաբանական Մաղթանք» եւ Հայոց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդէ Mousaleranjar.net-ը։

Պատարագը մատուցեց Արժ. Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան, եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, «70 տարիներ ետք ահա դարձեալ եկաւ ազատութիւնը այն պահուն երբ «նոր յոյսերու եւ հաւատքի ամբարտներ կանգնող» բեկորներ չկան. Կան սակայն անոնց ժառանգորդները՝ Մենք։ Կը հետեւի, որ մենք եւս բախտաւոր սերունդ ենք, որ տեսանք, ողջունեցինք ու կը վայելենք… կամ պիտի վայելենք ազատութիւնը եւ անոր օրհնութիւնը»։

Սրբազանը իր խօսքի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ Ս. Հոգւոյն իջման՝ «Հոգեգալուստ»-ի տօնին։