Գանատա-Արցախ Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խումբի Ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըր Շնորհաւորած է Արցախի Նախագահը

Աշխարհ, Հայաստան

Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ռէյչըլ Հարտըր շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:

 Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Յարգելի պարոն Յարութիւնեան,

Կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Արցախի ժողովուրդը Մարտ 31-ին յաջողութեամբ իրականացուած ընտրութիւններուն եւ Ապրիլ 14-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլին առնչութեամբ: Ոգեւորիչ է ականատես ըլլալ, որ նոյնիսկ տարածաշրջանային քաղաքական եւ տնտեսական չյաղթահարուած մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ Արցախը կը շարունակէ յառաջընթաց արձանագրել ժողովրդավարական զարգացման մէջ:

Ի յաւելումն, կը ցանկայի շնորհաւորել Ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առթիւ: Մրցակցային ընտրութիւններուն Ձեր վճռական յաղթանակը կը նշանակէ, որ Դուք Ձեր հայրենակիցներէն ուժեղ իրաւագիր ստացած էք` շարունակելու Արցախի հետեւողական զարգացումը որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ տնտեսապէս բարգաւաճ Հանրապետութիւն: Դուք հպարտանալու շատ առիթներ ունիք:

Դուք պատասխանատուութիւն կը ստանձնէք ժամանակաշրջանի մը, երբ Արցախի առջեւ ծառացած են զանազան չյաղթահարուած տարածաշրջանային քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներ: Որպէս Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար կը վստահեցնեմ ձեզ, որ մենք պիտի շարունակենք բարձրացնել իրազեկուածութիւնը արցախեան հիմնախնդրի մասին եւ աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխան ձգտումներուն:

Կը մաղթեմ Ձեզի եւ Ձեր աշխատակազմին ամենայն յաջողութիւն այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն ի շահ Արցախի ժողովուրդին»: