Գիւմրիի Մէջ Բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշատուն-Թանգարանը

Հայաստան

Գիւմրիի մէջ բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշատուն-թանգարանը: Ասիկա ծրագիր մըն էր, որ անաւարտ էր 2015 թուականէն: Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին, որուն հեղինակը քանդակագործ Զաւէն Կոշտոյեանն է, Գիւմրիի Հարաւարեւելեան` օդակայանի թաղամասին մէջ տեղադրուած է 1993 թուականին:

Ըստ «Շանթ» հեռատեսիլի կայանին՝ նոյն տարածքին մէջ թանգարան հիմնելու գաղափարը գիւմրեցի դարբիններէն մէկունն էր: Անոր մահէն ետք ծրագիրը աւարտին հասցնելու պարտաւորութիւնը ստանձնած է Գիւմրիի մէջ յայտնի շինարար Վարդան Յովհաննիսեանը` «Տուն շինող Վարդանը»:

Լքուած տարածքը մաքրուած է աղբէն, կիսանդրիի հատուածը բարեկարգուած է, կառուցուած է յուշատուն, ուր ներկայացուած են Սողոմոն Թեհլիրեանի, ինչպէս նաեւ 1915-ին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ինքնապաշտպանական մարտերը ղեկավարած մարդոց լուսանկարներ:

Տարածքը կը նախատեսուի դարձնել Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան յուշահամալիր, ուր պիտիգործեն նաեւ խաղահրապարակներ, մարզական դահլիճներ: