Հայ Ականազերծողները Հալէպ Նահանգի Ալ-Զիրաա Բնակավայրին Մէջ Գտնուող Դաշտ Մը Ականազերծեցին

Աշխարհ, Սփիւռք

Սուրիոյ մէջ գործող ՀՀ մարդասիրական խումբի ականազերծողները Հալէպ նահանգի «ալ-Զիրաա» բնակավայրին մէջ գտնուող դաշտ մը ամբողջութեամբ ականազերծելով 25 Մայիսին յանձնեցին Հալէպի Նահանգային Խորհուրդին եւ տեղւոյն բնակչութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Գանձասար»ը։

Յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2020-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ներկայութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ Հալէպի նահանգային Խորհուրդի փոխտնօրէն Ահմատ Եասինի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Մարդասիրական Խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, որ յայտնեց, թէ ՀՀ ‘Մարդասիրական Խումբը իր առաքելութիւնը սկսած էր 2019-ին, այդ թուականէն ի վեր արդէն 149.000 քռկ. քիլոմեթր տարածք յանձնուած է Սուրիոյ Հալէպ նահանգի իշխանութիւններուն: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր, հայ մասնագէտներու 4-րդ խումբը աւարտած է «ալ-Զիրաա» տարածքի ականազերծման աշխատանքը եւ շուրջ 51.000 քռկ. մեթր ականազերծուած տարածք կը յաձնէ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդին եւ շրջանի բնակչութեան, որպէսզի վերսկսի գիւղատնտեսական աշխատանքը տուեալ տարածքին վրայ: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ մարդասիրական խումբի մասնագէտներուն կողմէ տարուող աշխատանքները կը շարունակուին, իսկ տեղական իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւնը կ՛ընթանայ արդիւնաւէտ կերպով:

Այնուհետեւ հայ մասնագէտներուն անունով Գրիգոր Բասենցեան քարտէսի վրայ ցոյց տուաւ ականազերծման տարուած աշխատանքը, դիտել տալով որ հայ ականազերծողները աշխատանքի ընթացքին այս հատուածին մէջ յայտնաբերած են բազմաթիւ ականներ եւ պայթուցիկ նիւթերու մնացորդներ:
Արարողութեան մասնակիցները տարածքի զննումը կատարեցին, որմէ ետք ՀՀ Հալէպի հիւպատոսութեան մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան ՀՀ Մարդասիրական Խումբին կողմէ պատուոյ գիրեր յանձնեց հայ ականազերծողներուն:

Ապա Տօնոյեան Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի փոխտնօրէն Ահմետ Եասինին յանձնեց տարածքի ականազերծման հաւաստագիրները:
Սուրիական կողմը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանին՝ այս շրջանի բնակչութեան բնականոն կեանքը ապահովելուն համար, աւելցնելով, որ սա պատմական օր է, որուն ընթացքին անգամ մը եւս կ՛ամրագրուի երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը:

Այս առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան «Գանձասար»ին յայտնեց. «Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կը մասնակցինք այս արարողութեան, որուն ընթացքին ՀՀ մարդասիրական խումբի ականազերծողները Հալէպի մէջ ականազերծուած տարածք մը եւս կը յանձնեն Սուրիոյ իշխանութիւներուն եւ տեղւոյն բնակչութեան: Այս մէկը բնականաբար թարգմանութիւնն է երախտագիտութեան, որովհետեւ ասկէ 105 տարի առաջ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդը հասաւ Սուրիա: Այստեղ ան դիմաւորուեցաւ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին կողմէ, որ իր հանապազօրեայ հացը բաժնեց հայ ժողովուրդին հետ: Այս առիթով կը գնահատենք ականազերծման տարուած աշխատանքը եւ կը հաւատանք, որ Հայաստանէն ժամանած այս խումբին առաքելութիւնը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ հայ-սուրիական յարաբերութիւնները:

Կ’աղօթեմ առ բարձեալն Աստուած, որ վարձահատոյց ըլլայ Մարդասիրական խումբի ականազերծողներուն եւ բժիշկներուն, իսկ սուրիական մեր հայրենիքին արեւշատ, խաղաղ տարիներ պարգեւէ»: