Պիտի Յաղթենք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անկանխատեսելի արագութեամբ փոխուող աշխարհի դէմ յանդիման կանգնած այսօրուայ մարդը, քաղաքացին ինքզինք ահաբեկուած կը զգայ։ 20-րդ դարավերջին եւ 21-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն աշխարհը, մարդկութիւնը վկաները եղան աներեւակայելի դէպքերու։ Սովետ միութեան անսպասելի արագութեամբ փլուզումը, անոր հետեւող ազգամիջեան կռիւներն ու նոր աշխարհահայեացքներու, գաղափարախօսութիւններու յայտնութիւնը, աւելի ճիշդ վերայայտնութիւնը, մարդկութիւնը մեծ անորոշութեան առաջ կը դնէ ծնունդ տալով նոր երկիրներու։

Այո՛, աշխարհը կը փոխուի, փոփոխութեան ընթացքի մէջ է։ Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ Յայտնութեան գիրքին մէջ. «Ապա տեսայ նոր երկինք մը եւ նոր երկիր մը, որովհետեւ նախկին երկինքն ու երկիրը անհետացան եւ ծովն ալ կորսուեցաւ։ Եւ տեսայ Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը, որ կ՝իջնէր Աստուծոյ մօտէն, երկինքէն, զարդարուած ու պատրաստ ինչպէս հարսը իր ամուսինին համար»։ (Յտ. 21։1-2)

Կրօնական մտածողութեամբ նորը կը պայմանաւորուի նոր ծնունդով եւ կամ վերանորոգութեամբ։ Նեղութիւնը, հալածանքը, չարչարանքը մարդ արարածը կը զօրացնեն եւ միաժամանակ կը բիւրեղացնեն։

Այսօր աշխարհը անկանխատեսանելիօրէն կանգնած է մեծ անորոշութեան առջեւ։ Դժուար է կանխատեսել թէ վաղը ինչ պիտի ըլլայ, կամ վաղը ինչ պիտի բերէ իր հետ։ Գիտութիւնը, բժշկագիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը իրենց երեւութական յառաջդիմութեամբ, յառաջխաղացքով, գիտութեամբ, շատ յաճախ, ամենապարզ հարցումներուն պատասխան չունեն։ Տիեզերագնացներն ու գիտահետազօտողները անգնահատելի աշխատանքի լծուած են, ի խնդիր խաղաղ կեանքի գոյացութեան, բայց աւա՜ղ դեռ շատ ճամբայ ունին կտրելիք։

Զարգացած, քաղաքակիրթ աշխարհը իր նուաճումներով, զինական արհեստագիտութեան արագաւազ, սրընթաց ձեռքբերումներով պահ մը ենթադրել տուին թէ աշխարհը սկսած է ինքնաբաւ ըլլալու…, բայց աւա՜ղ, անկատար աշխարհը դեռ կը պայքարի ի խնդիր իր ծրագրերու իրագործման։

Վերոնշեալ բնագաւառներուն մէջ ձեռք բերուած յառաջադիմութիւնները մարդկային կեանքը աւելի բարդ երեւոյթներու առաջ դրին։ Բնութեան ապականութիւնը հետեւանք՝ երկինքը ճախրող միլիոնաւոր օդանաւերու, ինքնաշարժներու, նաւերու արձակած ապականած ծուխերուն, մեծ քաղաքներու աներեւակայելի խճողումը, գործարաններու ծխնելոյզներուն երկինք բարձրացող թունաւոր ծուխը, ասոնք բոլորը բաց երկինքը վերածած են տարրալուծարանի, որ իր կարգին ինք եւս օդն ու բնութիւնը ապականելու յատկութեամբ օժտուած է։ Ահա այս բոլորին կու գայ միանալու նոր տեսակ ժահր մը, որ անկանխատեսելի էր եւ անսպասելի։ Այս ժահրը ամենակարճ ժամանակով աշխարհը նուաճեց, մարդ արարածը զգետնեց։ Այս համաճարակը ժահրը – քորոնավիրուս կոչուած – աշխարհը ցնցեց. այն, ինչ որ բռնակալներ, կայսրեր, հսկայ բանակներ չկրցան ընել, այս փոքրիկ ժահրը, իր անտեսանելիութեամբ կրցաւ աշխարհը պահ մը, մեծ անորոշութեան առաջ դնել եւ ըստ էութեան մարդ արարածի կեանքը հիմնովին փոխել։

Եկաւ եւ բախեց դուռը հանուր մարդկութեան, այցելեց նորածինին, մանուկին, պատանի-պարմանուհիին, երիտասարդին, մեծահասակին ու մանաւանդ տարեցին եւ անխնայ սկսաւ հարուածել բոլորը, վայ անոր որ բռնուեցաւ իր ճիրաններուն մէջ։ Հարուածեց աղքատն ու հարուստը, իշխանն ու բանուորը։

Եկաւ ու բոլորը բանտարկեց իրենց տուներուն մէջ։ Մարդ արարածը տունը բանտարկուած անօթութեան, աղքատութեան եզրին հասաւ։ Երկիրներ, ընկերութիւններ, եկեղեցիներ, կրօնական համայնքներ սկսան դրամահաւաքի, սննդահաւաքի, դեղորայքի եւ այլ բժշկական սարքերու փնտռտուքի։ Պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ աներեւակայելի գումարներ սկսան տրամադրել տուժող ընտանիքներուն եւ միւս կողմէն ալ միջազգային գիտա-հետազօտական կեդրոններուն, ժահրի պատուաստման համար անհրաժեշտ դեղը գտնելու – vaccine – համար։

Աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցները, լսատեսողական, զանգուածային լրատու գործակալութիւնները ամբողջ օրը կը խօսին եւ կարծիքներ կը յայտնեն այս ժահրին մասին։

Կեանքը դադրած է շնչելէ։ Փակ են դպրոցները, համալսարանները, գործարանները, մեծ ու փոքր վաճառատուները, հաստատութիւններն ու ընկերութիւնները, մօտաւոր ու հեռակայ բոլոր ծրագիրները՝ ողիմպիական ամառնային խաղերը եւ ամէն տեսակ մարզանքներն ու շրջանային, միջազգային հանդիպումները յետաձգուեցան։ Մէկ խօսքով փոքրիկ, անտեսանելի այս ժահրին պատճառով բոլոր ձեռնարկները ամէն տեսակի փառատօներն ու արուեստի, երաժշտութեան ու մշակութային փառատօները չեղեալ համարուեցան. իրօք պահ ըմ կեանքը դադրեցաւ եւ ամէն մարդ իր տունը քաշուած անձկանօք լուրերուն կը հետեւէր։

Մեր հոգեւոր կեանքին մէջ եւս պահ մը, լռեցին եկեղեցւոյ զանգակներն ու եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցող սրբազան արարողութիւնները, քառասնօրեայ պահեցողութեան խորախորհուրդ ժամերգութիւններն ու Ս. պատարագը, Աւագ շաբթուան հոգեյոյզ, հոգեպարար ու ոգեշնչող արարողութիւնները պահ մը դադրեցան։

Ոչ միայն այս, այլեւ ժահրով վարակուած միլիոնաւորներ կը պայքարին մահուան դէմ։ Հարիւր հազարաւոր մահերու եւ միլիոնաւոր վարակուածներու երեւոյթը երկրի ղեկավարները փոխանակ զգաստութեան հրաւիրելու, ընդհակառակը սկսեցան զիրար մեղադրել ժահրի արագ տարածման համար։

Մարդկային պատմութիւնը մեզի կը յուշէ, որ ե՛ւ պատմութեան վաղ ժամանակներուն ե՛ւ միջին դարերուն եւ նաեւ վերջին երկու դարերուն ժանտախտեր եղած են եւ համաճարակային երեւոյթով աշխարհը ցնցած են եւ այդ ժամանակուան բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը մահացած է։ Իբրեւ արդիւնք՝ մարդկային կեանքը հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուած է։

Յիշատակութեան արժանի է 1346 թուին եղած այտուցային ժանտախտը Սեւ մահը, որ յաջորդ տարիներուն՝ 1347-48-ին պիտի տարածուէր ընդգրկելու համար Սեւ ծովու ափին գտնուող Տանա քաղաքը եւ այնուհետեւ պիտի հասնէր մինչեւ Կոստանդնուպոլիս եւ Միջերկրականի տարածաշրջանը։ Հետաքրքրական է, որ այս ժանտախտը եւս ըստ ուսումնասիրողներու, սկսած է Չինաստանէն եւ մետաքսեայ ճանապարհով շրջագայող առեւտրականներուն միջոցաւ տարածուեր է եւ իր ճանապարհին հնձեր է հազարաւոր անմեղներու կեանքը։ Իտալացի գրող Ճովանի Պոկաչչոյի վկայութեամբ, որ Ֆլորանս քաղաքին մէջ տեսեր էր ժանտախտը, կը նկարագրէ զայն աւելցնելով, որ «Մարդկային ամբողջ իմաստութիւնն ու հնարամտութիւնը ի վիճակի չէին անոր դէմ դնելու… ժանտախտը սկսաւ զարհուրելի եւ տարօրինակ ձեւով եւ ի ցոյց դրաւ իր աւերիչ հետեւանքները» (Զարթօնք 17.4.2020 էջ 4)։ Այս համաճարակին իբրեւ արդիւնք այդ օրերու աշխարհը կորսնցուց իր բնակչութեան մէկ երրորդը, մօտաւորապէս 20 միլիոն անմեղ զոհեր։

20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի վերջաւորութեան այլ տեսակի համաճարակ մը վարակեց ընկերութիւնը եւ բաւական մեծ թիւով զոհեր խլեց. 1918-20 թուականներուն Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դժուարին տարիներուն համաճարակը՝ քոլերան, այնուհետ բծաւոր տիֆը, հիւծախտը տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներու կեանքը խլեց, որոնցմէ էր նաեւ Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր հանդիսացող Արամ Մանուկեանը։

Քորոնա ժահր համաճարակը քայքայեց տնտեսութիւնը, գործազրկութիւնը երկիրները աղքատութեան սեմին հասցուցած է. համաշխարհային այս վիճակը պիտի տեւէ այնքան, որքան ժամանակ համաճարակի կանխարգիլման պատուաստը չէ գտնուած։

Երկիրները, միջազգային հետազօտական, գիտա-բժշկական կեդրոնները կ՝աշխատին ելք մը գտնելու համար։ Անկասկած համընդհանուր համագործակցութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է այս պարագային։ Հաւաքական աշխատանքը, փոխադարձ գործակցութիւնն ու փորձառութեան միատեղ փոխանակումը կրնան արագացնել հարիւրաւոր հետազօտողներու գործի արդիւնաւէտութիւնը։

Մինչ այդ հարկ է մատնանշել նաեւ, որ համաճարակ ժահրը ունեցաւ իր դրական երեսը։ Ընտանեկան կեանքի ջերմութիւնը, բնութեան մաքրութիւնը, մեծ քաղաքներու մէջէն հոսող գետերու ջուրերուն մաքրազտումը, բնապահպանման աշխատանքի հեշտացումը, ասոնք երեւոյթներ են, որոնց երեւի քիչ անգամ կ՝անդրադառնանք։

Այլ կարեւոր երեւոյթ մըն է առցանց-հեռակայ դասընթացքի եւ ծրագիրներու իրագործումը։ Հայ ժողովուրդը, ի հետեւութիւն քորոնա ժահրի ձգած աւերին, զանազան երկիրներու մէջ, մեր համայնքները առցանց ծրագիրներ իրականացուցին ապահովելով միաժամանակ մեր բալիկներուն մասնակցութիւնը։

Մարդ արարածը նոր մշակոյթի առաջ կը գտնէ ինք զինք. մշակոյթ, որ իր բովանդակութեամբ եւ տեսակով երեւի տարբեր պիտի ըլլայ իբրեւ հետեւանք քորոնա ժահրի համաճարակին։

Համաճարակներու պատմութիւնը ուսումնասիրելով նկատուած է, որ իւրաքանչիւր համաճարակին յաջորդած է նոր երեւոյթ մը, նոր շարժում մը։ Այսպէս, 14-15 դարերու տխրահռչակ համաճարակը շարժեց հիմքերը Եւրոպական Աւատատիրութեան, որ այնուհետեւ աստիճանաբար ծնունդ պիտի տար ընկերային, տնտեսական նոր շարժումներու, որոնք անկիւնադարձային այլեւ բեկումնային դերակատարութիւն պիտի ունենային նոր ժամանակներու ընկերութեան կեանքի ձեւաւորման գործընթացին։

Յառաջ եկած յետ համաճարակեան նոր մշակոյթը կ՝ենթադրուի հիմնովին վերատեսութեան, վերադասաւորման, վերաքննութեան մեր կեանքին, գործելակերպին, ապրելակերպին եւ մտածողութեան։ Մարդ արարածը կոչուած է ինքզինք սերտացնելու քորոնաժահր համաճարակին հետ։ Յետ համաճարակեան շրջանին մեր կեանքի գլխաւոր մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ «Ինչպիսի նոր աշխարհ պիտի ունենանք եւ ինչպէս պիտի ապրինք». Երուսաղէմի եբրայական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի Փրոֆէսըր Եուվալ Նոյ Հարարի՝ անդրադառնալով յետ քորոնա ժահրի ենթադրական կեանքին՝ կը գրէ. «Այս Փոթորիկը կ՛անցնի, բայց այն որոշումները, ինչ որ մենք կ՝ընդունինք այսօր, կրնան փոխել մեր կեանքը գալիք տարիներուն։ Մարդկութիւնը հիմա կեցած է համաշխարհային ճգնաժամի առջեւ։ Աւելին, թերեւս մեր սերունդի ամենամեծ ճգնաժամն է։… Այդ որոշումները կը ձեւաւորեն ոչ միայն մեր առողջապահական համակարգերը, այլ մեր տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնն ու մշակոյթը։ Մենք պէտք է գործենք արագ եւ վճռական»։

Այո՛, հաստատ պէտք է արագ շարժինք։ Պատմաբանը, խօսքը շարունակելով, կ՝ըսէ «Շատ կարճաժամկէտ արտակարգ ձեռնարկները պիտի դառնան մեր կեանքի անբաժան մասը,… որոշումներ, որոնք սովորական ժամանակներուն կրնան տարիներու քննարկում պահանջել, այսօր պիտի ընդունուին ժամերու ընթացքին»։

Տագնապալի այս օրերուն, որեւէ մէկ ժամանակէ աւելի, կոչուած ենք կենսապարգեւ հաւատքով եւ ապագայատեսիլ յոյսով ապրելու եւ գործելու։ Հաւատքով ապրողը կը վերակենսաւորուի իր հաւատքին մէջ։ Պօղոս Առաքեալ կը գրէ «Ուստի չենք տկարանար բնաւ։ Եթէ նոյնիսկ մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք, ներքնապէս կը նորոգուինք օրէ օր. ներկայիս մեր կրած այս թեթեւ նեղութիւնը արտակարգ գերազանց եւ յաւիտենական փառք կ՝ապահովէ մեզի համար։ Մենք մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք ո՛չ թէ նիւթական իրականութիւններու, այլ հոգեւոր իրականութեան վրայ, որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչդեռ հոգեւոր իրականութիւնները յաւիտենական»(Բ. Կր. 4։16-18)։

Հաւատքն ու յոյսը մարդ արարածը կը զօրացնեն, կը կենսաւորեն եւ կը մղեն նոր տեսլականով ապրելու իր կեանքը։ Քորոնաժահր համաճարակը լուրջ ազդանշան է հիմնովին մենք մեզ փոխելու։ Աշխարհը այլեւս կը դիտուի քորոնա ժահրէն առաջ եւ անկէ ետք։ Աշխարհը կը փոխուի. փոփոխութեամբ նոր աշխարհ առաջ կու գայ. այնպէս ինչպէս վկաները եղանք քսաներորդ դարու մեծագոյն ուժերէն՝ նախկին Սովետ միութեան քանդումին, նոյնպէս ալ այսօր կ՝ապրինք փոփոխուող աշխարհի մէջ, եւ մասնակից կը դառնանք այդ փոփոխութեան։

Համաճարակաբանները կ՝ըսեն «Քորոնավարակը այլեւս պիտի ապրի մեր հետ, ան պիտի չբացակայի մեր կեանքէն»։ Հետեւաբար կոչուած ենք սորվելու ու վարժուելու եւ «դասեր քաղելու իր անսպասելի այցէն ու տիրական ներկայութենէն» եւ այնուհետեւ կ՝եզրակացնեն անոնք «Ան եկաւ, որ վերաիմաստաւորենք մեր կեանքը, նայինք մեր ներքին կեանքին, տեսնենք մեր շուրջը եւ խորհինք»։

Անցնող երկուքուկէս ամիսներուն մնացինք տունը, մեր երեխաները զրկուեցան դպրոցական գրասեղաններու վրայ նստելու հաճոյքէն։ Մեր ժողովուրդը ակամայ զրկուեցաւ եկեղեցիէն։ Աշխատող ձեռքը, գործարանատէրն ու գործատէրը ստիպողաբար հեռու մնացին իրենց եւ իրենց ընտանիքի օրապահիկն ու սնունդը ապահովող աշխատանքէն, գործատեղիէն։

Արդեօ՞ք կրցանք դպրոցը, եկեղեցին, գործը «տուն բերել» եւ աշխատիլ…։ Կրցա՞նք եկեղեցիին մեր տուած լուման եւ կամ վառած մոմի գումարը ծառայեցնել բարեգործութեան եւ կամ քորոնավիրուսի համաճարակէն ազդուած որեւէ ընտանիքի կամ ընտանիքներու։ Արդեօ՞ք մտածեցինք մեր գործելակերպի, մտածելակերպի եւ գործելաոճի փոփոխութեան մասին։ Ասոնք յետ համաճարակեան մեր կեանքի անբաժան տարրերը պիտի ըլլան։

Հիմա է ժամանակը գործելու, որովհետեւ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ոեւէ մէկը չի կրնար բան մը ըսել։ Երկուքուկէս ամսուայ ինքնակամ արգելափակումը պահ մը որոշ յոյս ներշնչեց, սակայն հազիւ քանի մը օր անցած նոյն քորոնա ժահրը՝ Աժդահա հիւանդութիւնը գլուխը վերստին բարձրացուց եւ ազդարարեց, որ ինք դեռ հոս է, զգոյշ…։ Համաճարակը իր «կանոն»ը ունի։

Լրջութեան եւ պատասխանատւութեան բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ պիտի պատրաստենք մենք մեզ նոր կեանքի, որ մեզմէ հեռու պիտի վանէ մահուան սարսափը եւ ամրացնէ մեր հաւատքը, յոյսն ու սէրը։ Յիշենք մեր Տիրոջ պարգեւաշնորհ խօսքը, որ կ՝ըսէ. «Աշխարհի վրայ դուք նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ. 16։33)։ Այո՛, մենք ալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան ոգիով պիտի յաղթենք։

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ