Արցախին Յաւելեալ Նպաստ Ապահովելու Իւրայատուկ Ջատագովում

Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն, որպէսզի անոնք դէմ դնեն յատկապէս Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը կրճատելու կառավարութեան փորձին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ #SaveArtsakhAid արշաւին միանալու այս դիմումին իւրայատուկ կերպով իր մասնակցուիւնը բերած է 15ամեայ Լոռի Թալերօ Գազանճեան, որ 90 երկվայրկեաննոց տեսանիւթով մը կը բացատրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2021ի ամավարկին մէջ Արցախին առնուազն 1․5 միկլիոն տոլար տրամադրելը կենսական է շրջանի բնակչութեան ապահովութեան համար։

Լոռին անդամ է Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀԵԴի Կրտսերներու «Սարդարապատ» մասնաճիւղին։

Տեսանիւթը դիտելու համար այցելել anca.org/JoinLori կայքէջը, իսկ Արցախի եւ Հայաստանի համար ամերիկեան յաւելալ աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի ջանքերուն կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով anca.org/aid կայքէջը։

Նշենք, որ Արցախի եւ Հայաստանի համար ամերիկեան յաւելալ աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի առաջարկներուն կը զօրակցին առաւել քան 30 ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ։