Հապշտապ Սատար՝ Լիբանանահայութեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

«Առանց բացառութեան, բոլորս գործենք նոյն ուղղութեամբ՝ հայրենիքին ու հողին մեր պատկանելիութիւնը պահպանելու…»:

Վերոյիշեալ խօսքը կրնայ մոլորեցնել ընթերցողն ու հայորդին։

Այդ խօսքը կը պատկանի դեռ քանի մը շաբաթ առաջ մահացած պատմաբան – հնագէտ Նինա Ճիտէճեանին (1925-2020), որ ծնած էր Միացեալ Նահանգներ (Պոսթըն – Մասաչուսէց)  եւ ապա երկար տարիներ ապրած ու գործած` Լիբանանի մէջ։

Ան հպարտ էր իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ։ Առ այդ, Ճիտէճեան գործեց եւ արտադրեց ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Հայաստանի  պատմութիւնը պեղելով։ Ծանօթ են անոր գործերը Լիբանանի պատմութիւն կերտած հին քաղաքներու մասին։ Նաեւ նոյնքան հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր հայոց հնադարեան պատմութեան իր ուսումնասիրութեամբ, յատկապէս կիզակէտ ունենալով Մեծն Տիգրանի օրերը, երբ այս վերջինին կայսրութիւնը հասած էր Միջերկրականի ափերու փիւնիկեան հողաշերտը։

Պատմութեան սլաքները յառաջացնենք 1900-ականներ։ Տեղահանութենէն եւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած անտուն եւ անօթի հայորդիին համար իւրայատուկ է Միջին Արեւելքը, յատկապէս այդ օրերուն Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիան եւ Լիբանանը, որոնք անաչառօրէն եւ առանց դաւանական խտրութեան տրամադրեցին իրենց օժանդակութիւնը, դարմանելով, կերակրելով եւ գուրգուրալով․․․Տէր Զօրեան անապատէն մինչեւ Միջին Արեւելքի Զուիցերիան՝ Պէյրութը։

Միջին արեւելեան այս երկիրներուն մէջ ստեղծուեցաւ իւրայատուկ սփիւռք մը․․․տարբեր սփիւռք մը, բոլորովին տարբեր աւելի քան դար մը առաջ «մետաքսեայ ճամբայ»-ի առեւտուրի արդիւնք, Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ ստեղծուած նօսր գաղութներէն, որոնք կազմուած էին նիւթապէս բարեկեցիկ ու զեխ կեանք ապրող հայորդի վաճառականներու կողմէ։

Այսպէս, Լիբանանի մէջ, յետ-Եղեռնեան դաստիարակութիւն ստանալէ եւ թրծուելէ ետք, հայորդին գործեց, քրտինք թափեց, ներդրում կատարեց, լաւապէս սորվեցաւ լեզուն ու պատմութիւնը եւ նոյնքան ծառացեց մայրիներու երկրին, որքան տեղացին։ Դեռ աւելի՛ն. լիբանանահայը իր հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ գործուղուեցաւ աշխարհի չորս ծագեր՝ կարիքաւոր գաղութներ, իր կարգին դաստիարակելու, թրծելու եւ մշակելու։

Ապա՝ ներքին քաղաքացիական խռովութիւններ եւ պատերազմ։ Բաւական լիբանանահայեր ստիպուեցան հեռանալ մայրիներու երկրէն եւ ստեղծել երկրորդ սփիւռքահայ ինքնութիւն մը։ Այսօր, Մարաշի կամ Խարբերդի նախահայրերէն արմատ նետած լիբանանահայը ստացած է սփիւռքահայ այլ ինքնութիւն – պատկանելիութիւն մը, կրելով ամերիկահայ, քանատահայ կամ ֆրանսահայ ածականն ու ․․․ ներածականը։

Փաքրամասնութիւններու հանդէպ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելով եւ նոյնքան օժանդակութիւն տրամադրելով, Լիբանան տիպար օրինակ մըն էր եւ այս գծով Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաք (1932-2019), 90-ականներուն այցելութիւն մը կատարելով Լիբանան, խորիմաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր, շեշտելով թէ այս երկրի իւրայատկութիւնն է փոքրամասնութեան հանդէպ ցուցաբերած իր խանդաղատանքը։

Պսակաւոր ժահրէն ամիսներ առաջ իսկ, Լիբանանն ու լիբանանահայը ահաւոր ճգնաժամի մէջ են։ Միշտ ալ ձեռնբաց օժանդակած հայութեան, այսօր լիբանանահայութիւնը կարիքն ունի շտապ օժանդակութեան, որ արդիւնքն է համաճարակէն առաջ իսկ ստեղծուած թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական գահավիժումի։

Կացութիւնը շատ աւելի թէժ իրավիճակ մը ստեղծած է պսակաւոր ժահրին պատճառով։

Ահազանգային է կացութիւնը։ Ակնթարթ մը իսկ կորսնցնելու ժամանակ չկայ՝ սատար հանդիսանալու լիբանանահայութեան։

Փիւնիկեան թռչունը կարիքն ունի սնունդի, վերստին զարկ տալու իր թեւերուն եւ… բարձր թռչելու։