Մտադիր Ենք Արգիլել Առանց Դիմակի Փողոց Դուրս Գալը․ Վարչապետ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր շրջած է Երեւանի կեդրոնի փողոցներով, զրուցած քաղաքացիներու հետ, կոչ ըրած պահպանել ընկերային հեռաւորութիւնը:

Վարչապետը նշած է, որ կը ծրագրեն երկարացնել համավարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութիւնը:

«Քաղաքացիներուն մէկ մասը կը պահանջէ խստացնել միջոցները, միւս մասը` անյապաղ սկսիլ հասարակական փոխադրամիջոցները ու վերցնել բոլոր սահմանափակումները: Մեզի համար ակնյայտ է, որ այս փուլին չենք կրնար արտակարգ դրութիւնը հանել, բայց սահմանափակումներու կարգի նկատմամբ մեր վերաբերմունքը որոշակիօրէն պիտի փոխուի: Մեր ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ ոչ թէ այն, որ մարդիկ տուները փակուին, այլ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ պահեն հակահամաճարակային կանոնները: Պիտի փորձենք վարչական լծակներ օգտագործել ատոր համար»,- ըստ “Եռագոյն”-ի՝ ըսած է Փաշինեան:

 Վարչապետը նաեւ նշած է, որ մտադիր են արգիլել առանց դիմակի փողոց դուրս գալը:

«15 օր առաջ նման պահանջք չմտցուցինք, որովհետեւ կրնար դիմակներու պակասուրդ յառաջանալ: Հայաստանիմէջ արտադրութիւններ կան, ճիշդ է` թանկ են, բայց յոյս ունինք, որ կ՛աժաննան: Ճգնաժամ է, ամէն մէկս մենք մեզի քիչ մը նեղութիւն պիտի տանք»,- ըսած է ան: