Արցախի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակման 6 Դէպք Արձանագրուած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն` առնուած 31 փորձանմուշի հետազօտութեան արդիւնքներէն պարզ դարձած է, որ անոնցմէ 25-ը բացասական է, իսկ 6-ը` դրական, այսինքն` անոնց մօտ նոր «Քորոնա» ժահրը (COVID-19) հաստատուած է: Արցախի տեղեկատուական շտապէն կը յայտնեն, որ վերոնշեալ 6 քաղաքացիէն 4-ը մեկուսացման մէջ գտնուող նոյն ընտանիքի անդամներ են, որոնց ընտանիքի մէկ այլ անդամի մօտ «Քորոնա» ժահրը հաստատուած էր օրեր առաջ (Նոր Բրաջուր): Միւս երկու քաղաքացին Շահումեանի շրջանին մէջ օրեր առաջ արձանագրուած դէպքի շփման շրջանակէն են (Քարվաճառ քաղաքէն):

Յիշեցնենք, որ դեռ Մայիս 7-էն, ԱՀ Պարէտի որոշման համաձայն, Շահումեանի շրջանի տարբեր համայնքներու մէջ սահմանափակուած էին ազատ տեղաշարժի իրաւունքը, իսկ Մայիս 12-էն սահմանափակուած է ամբողջ շրջանի տեղաշարժը:

Առ այսօր Արցախի մէջ արձանագրոած վարակման 20 դէպք, որմէ 8-ը արդէն ապաքինուած են: