ԱՄՆ Գլխաւոր Համաճարակաբանը Ծերակոյտին Մէջ Խօսած է Նուպար Աֆէյեանի Ընկերութեան Ստեղծած Պատուաստանիւթին Մասին

Աշխարհ, Սփիւռք

Երեքշաբթի օրը ԱՄՆ Ծերակոյտի առողջապահութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ կենսաթոշակներու յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցան լսումներ, որուն հեռավար դրութեամբ մասնակցեցաւ ԱՄՆ-ի գլխաւոր համաճարակաբան, դոկտոր Էնթընի Ֆաուչին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն։

Լսումներուն նոյն ձեւով կը մասնակցէին նաեւ այլ պաշտօնատար անձինք` Հիւանդութիւններու կանխարգիլման կեդրոնի տնօրէն Ռոպերթ Ռեթֆիլտը, Սնունդի ու դեղօրայքի վերահսկողութեան վարչութեան ղեկավար Սթեֆան Հանը եւ առողջապահութեան փոխնախարար Պրեթ Ճիուարը: Պսակաձեւ ժահրին համավարակին նուիրուած լսումները հեռավար կարգով Թենեսիի իր տունէն առցանց կը նախագահէր ինքնամեկուսացած հանրապետական ծերակուտական Լամար Ալեքսանդրը:

Դոկտոր Ֆաուչին յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է համարժէք ախտորոշում`պսակաձեւ ժահրին հետ կապուած հարցերը լուծելու համար: Այս առնչութեամբ ան յիշեցուց, որ Առողջապահութեան ազգային հիմնարկը, որ կը ներառէ իր ղեկավարած գերատեսչութիւնը, ընդլայնած է ախտորոշման ծրագիրները:

Ըստ անոր, պսակաձեւ ժահրի պատուաստանիւթի մշակման գործին մէջ մեծ աշխատանք կը տարուի գիտնականներու կողմէն: Այս ուղղութեամբ հետազօտութիւնները արագ ընթացքով առաջ կ’երթան:

Անդրադառնալով երեխաներուն դպրոցներ վերադարձնելու հարցին` Ֆաուչին շեշտեց պսակաձեւ ժահրի քննութեան մատչելիութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Երկրի գլխաւոր համաճարակաբանը յայտնած է, որ ժամանակէն շուտ վերաբացումը կրնայ յանգեցնել հիւանդութեան կրկնութեան: Ան ընդգծեց, որ մինչեւ դպրոցներու վերսկսումը պատուաստանիւթը դժուար թէ պատրաստ ըլլայ:

Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տունը կը շարունակէ պնդել, որ նահանգները վերաբացուին երկու շաբթուան ընթացքին դէպքերու թիւի կայուն անկումի եւ շատ քննութիւններ կատարելու պարագային: Այնուամենայնիւ, այս ուղեցոյցները խորհրդատուական բնոյթի են, եւ շատ նահանգներ, որոնք անցեալ շաբաթ սկսան մեղմացնել սահմանափակումները, չեն հետեւիր այդ չափանիշներուն: