Ակնարկ. Հրապարակե՛լ Պետական Ծրագիրը` Մայիս 28-ի Համահայկական Տօնակատարութեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսութեան ընթացքին մեր երկրի վարչապետը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը բնութագրեց իբրեւ մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալը:

Առաքելատիպ կենսագործունէութիւն ամրագրած ըլլալու փաստերու ընդգծումով նման բարձր գնահատականներ հնչեցին նաեւ Սարդարապատի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին պաշտօնական ուղերձներուն ընդմէջէն:

Կը գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին: Ներկայ պայմանները կը յուշեն, որ տօնակատարութիւնները արտակարգ դրութեան մէջ պիտի ունենան տարբեր ձեւաչափեր: Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի լուսաւորումն ու վիրթուալ երթը յաջողեցան ո՛չ միայն տպաւորել  իբրեւ ոճարուեստ, այլ նաեւ ապահովեցին զանգուածային դիտողականութիւն եւ մասնակցութիւն:

Պատճառ չկայ, որ պետական ծրագիրով, միջոցներով եւ գործադրութեամբ նման տարողութեամբ չտօնակատարուի ազգի շարունակականութիւնը ապահոված ժամանակակից մեծագոյն տօնը` Մայիս 28-ը: 3D-ով ռազմական պատմական շքերթի վերաբեմականացումէն մինչեւ իրերայաջորդ չորս կառավարութիւններու կազմութիւն, դիւանագիտութիւն, մինչեւ Սեւր եւ իրաւարար վճիռ, անցնելով կրթամշակութային քաղաքականութենէն եւ պետականաշինութեան հսկայածաւալ աշխատանքներէն` ներկայացնելու ամբողջ երկուքուկէս տարուան ճակատագրորոշ  իրադարձութիւններու ամէնէն կարեւոր  փուլերը: Հնչած գնահատականներու կենսագործումը անշուշտ միայն տօնակատարութիւններով եւ արարողութիւններով չի սահմանափակուիր: Արժեւորուած մարդոց կենսագրութեան ծանօթացումը, ճանաչողականութիւնը` անհրաժեշտ են իբրեւ պետականութիւն եւ ազգ մեր հաւաքական գոյութեան երաշխաւորման ելակէտի հանգամանքները ընկալելու համար:

Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման նախօրեակին ծաւալած քննարկումներուն պարզ դարձաւ, որ կայ զանգուած, որ իրազեկ չէ մեր ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն առաքեալին կեանքին, կենսագրութեան, ունեցած  ամէնէն  ճակատագրորոշ դերակատարութեան:

Արամ Մանուկեանի կերպարը եւ մանաւանդ ունեցած անփոխարինելի, պատմակերտ եւ պետականակերտ դերակատարութիւնը զանգուածայնացնելու, իբրեւ հանրապետութեան հիմնադիր ճանչցնելու օրակարգը պետութեան առաջնային խնդիրը ըլլալու բոլոր պատճառները ունի: Երբ հնչած են բացառիկ դերակատարութեան գնահատականներ, արժեւորումներ եւ նման բովանդակութեամբ պաշտօնական ուղերձներ, պէտք է հետեւին քայլեր: Սկսելու համար` իրազեկման քայլեր:

Արամ Մանուկեանի կենսագրութիւնը բազմալեզու ցուցանակներու ձեւաչափով տեղադրելու առաջարկը կապ չունի ամբողջ հանրապետութիւն կերտած հիմնական կերպարը կուսակցականացնելու փորձին հետ: Առաջադրանքը ազգի շարունակականութեան եւ պետականութեան վերականգնման գործընթացին մէջ ամէնէն հիմնական անձնաւորութեան եւ հեղինակութեան անգերազանցելի կատարողականութեան զանգուածայնացման հրամայականէն կը բխի:

Հրամայական, որ պետութեան եւ այս պարագային քաղաքային գերատեսչութիւններու եւ իշխանութիւններու բնական պարտականութիւնն է` իբրեւ պաշտօնապէս յայտարարուած ուղերձներու գործնականացման կարեւոր քայլ:

Կը գտնուինք Մայիս 28-ի նախօրեակին: Պետական ծրագիրի յայտարարութիւնը`  տօնակատարութեան համահայկական տարողութիւն ապահովելու հրամայականն է: Այժմէն անոր հրապարակայնացումը կարեւոր է` առաւելագոյն ներգրաւուածութիւն ապահովելու մեր ազգի շարունակականութիւնը երաշխաւորած անկախութեան եւ հանրապետութեան հիմնադրման մեծագոյն տօնի նշումներուն: