Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը Անգամ Մը Եւս Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր  Յարութ Սասունեան

2020 Ապրիլ 24-ին, Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը երկրորդ տարին անընդմէջ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 2019 Ապրիլ 19-ին, ժամանակաւոր կառավարութիւնը հանդէս եկած էր համանման ճանաչումով:

Հակառակ անոր, որ այդ ճանաչումը կրնայ զարմացնել շատերը, քանի որ հազիւ թէ Լիպիոյ մէջ ապրող հայ մը գտնուի, սակայն այդուհանդերձ կան աշխարհաքաղաքական պատճառներ՝ նման քայլ առնելու համար։ 2012-էն ի վեր, Լիպիոյ առաջնորդ Մուամմար Քազաֆիի տապալումէն եւ սպանութենէն ետք, երկիրը մշտական կռիւներու մէջ էր իրարու դէմ պայքարող տարբեր ռազմական խմբաւորումներու հետ՝ Լիպիան կառավարելու համար:

Լիպիա պաշտօնապէս ճանչցուած կառավարութիւնը սահմանափակուած է ծովափնեայ Թրիփոլիի եւ Միսրադայի շրջակայքը, մինչդեռ Լիպիոյ տարածքի մեծ մասը գրաւուած է ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ՝ ռազմական առաջնորդ Խալիֆա Հաֆթարի գլխաւորութեամբ։ Ներքին քաղաքացիական պատերազմը զգալիօրէն ընդլայնուած է Լիպիոյ ներքին գործերուն արտաքին տէրութիւններու միջամտութեան պատճառով։ Թուրքիան եւ Քաթարը կ՝աջակցին Կեդրոնական Կառավարութեան իսլամական զինեալներով եւ ռազմական սարքով, իսկ Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ) կ՝աջակցին ժամանակաւոր կառավարութեան:

Լիպիոյ մէջ հակադիր կողմերու երկիրները նաեւ ներգրաւուած են դիւանագիտական ​​բախումներու լրատուական պատերազմներու մէջ։ Անցեալ ամիս Սէուտական Արաբիան յայտարարեց, որ կ՝արգելափակէ մուտքը դէպի թրքական լրատուական գործակալութիւններ եւ կայքեր: Իր հերթին, Թուրքիան արգելափակեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Էմիրութիւններու լրատուամիջոցները։ Աւելին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը սատարէ «Իսլամական եղբայրներուն», իսկ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ ԱՄԷ-ն դէմ են «Իսլամական եղբայրներուն»: Եգիպտոսը եւ Թուրքիան տարաձայնութիւններ ունեցած են այն պահէն ի վեր, երբ «Իսլամական եղբայրներ»ու կողմնակից Եգիպտոսի նախագահ Մուհամէտ Մուրսին, որուն կ՝աջակցէր Թուրքիան, տապալուեցաւ 2013-ին: Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ն իրենց քաղաքացիներէն խնդրած են պոյքոթի ենթարկել թրքական արտադրանքը եւ ուղեւորութիւնները դէպի Թուրքիա:

Այս տարածաշրջանային եւ ներքին տարատեսակ ցնցումները նպաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան Արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան կողմէ 2020 Ապրիլ 24-ին։ Ահա յայտարարութեան նիւթը․

«Մենք այսօր կը յիշենք Թուրքիոյ կողմէ հայ բնակչութեան ցեղասպանութիւնը, որ կ՝ինայ ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին։ Լիպիոյ պետութիւնը այս տարելիցը կ՝ոգեկոչէ Կառավարութեան 2019-ի թիւ 238 որոշումով, որ այդ օրը հաստատած է իբրեւ վերյիշելու ազգային օր։

Թուրքիայի յանցաւոր գործողութիւնները ընդդէմ հայ ժողովուրդի՝ հրկիզմամբ, կանխամտածուած սպանութեամբ, բռնի տեղահանութեամբ եւ աստուածային օրէնքներուն հակասող այլ նողկալի գործողութիւններով՝ յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, եւ անիկա պէտք է ճանչնալ ու պաշտօնապէս ներողութիւն հայցել հայ ժողովուրդէն եւ հատուցել ջարդերով պայմանաւորուած անոր կրած ցաւերուն համար, որոնք չեն կրնար ջնջուիլ հայերու եւ ամբողջ աշխարհի յիշողութենէն։ Երբ մենք կը դատապարտենք մարդկայնութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող այս յանցագործութիւնը, մենք կրկին կոչ կ՝ընենք աշխարհի երկիրներուն ճանչնալու այս նողկալի ոճրագործութիւնը։

Այսօրուան Թուրքիոյ կառավարութիւնն է, որ իր նոր իրավիճակին մէջ յանցագործութիւններ կը գործէ աշխարհի ժողովուրդներուն դէմ ՝ կոպտօրէն միջամտելով անոնց ներքին գործերուն։ Թերեւս այն, ինչ ան իրականացուցած է երէկ՝ հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով ռմբակոծելով Թարհունա քաղաքը (Լիպիա)՝ սպաննելով երեխաները, տարէցներն ու կանանց, ոչնչացնելով մարդասիրական շարասիւնները, սնունդն ու բժշկական օգնութիւնը, վառելիքի տակառները՝ վարձկաններ բերելով եւ ահաբեկիչներուն աջակցելով՝ յանցագործութիւններ են, որոնք կ՝աւելնան մարդկանց դէմ ուղղուած այլ յանցագործութիւններու թրքական շղթային եւ կը հաստատեն Էրտողանի  ամբարտաւանութեան աստիճանն ու միջազգային բոլոր օրէնքներու եւ չափանիշներու անտեսումը անոր կողմէն»։

2019 Ապրիլ 19-ին Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը իր արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով համանման յայտարարութիւն մը տարածած էր, ուր կ՝ըսուի.

«Ժամանակաւոր կառավարութիւնը Մարտ ամսուն պաշտօնապէս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ:

1915 Ապրիլ 24-ին օսմանեան իշխանութիւնները հաւաքեցին, ձերբակալեցին եւ տեղահանեցին Կոստանդնուպոլիսէն (ներկայ Սթամպուլ), Անգարայի շրջան, 235-270 հայ մտաւորականներ եւ համայնքի ղեկավարներ, որոնց մեծամասնութեանը վերջիվերջոյ սպաննեցին:

Ատոր յաջորդեց կանանց, երեխաներու, տարէցներու եւ հիւանդներու տեղահանութիւնը մահուան երթերով դէպի սուրիական անապատ։  Զինուորական ուղեկցորդներու կողմէ քշուող տեղահանուածները զրկուած էին սնունդէ ու ջուրէ եւ պարբերաբար կ՝ենթարկուէին թալանի, բռնաբարութեան ու սպանդի։

Ցեղասպանութեան զոհերու վերջնական թիւը կը կազմէ 1․5 միլիոն մարդ»։

Զարմանալի չէ, որ Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է  Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, քանի որ անիկա կը ծառայէ իր հակաթրքական քաղաքական օրակարգին: Աւելի զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ այդպիսի յայտարարութիւն ըլլար հակառակ իր շահերուն:

Բոլոր երկիրները կը սպասարկեն իրենց ազգային շահերը: Հայաստանի կառավարութիւնը եւս պէտք է նոյն կերպ վարուի: Լիպիան լաւ օրինակ է: Արդէն երկրորդ տարին անընդմէջ՝ անոր ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ի՞նչ եղած է Հայաստանի կառավարութեան արձագանգը։ Մենք տեղեակ չենք այդ կապակցութեամբ որեւէ հանրային մեկնաբանութեան մասին: Արդեօք ճի՞շդ չէր ըլլար, որ Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս գար յայտարարութեամբ՝ ողջունելով Լիպիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Օր մը ժամանակաւոր կառավարութիւնը կրնայ դառնալ Լիպիոյ օրինական ճանչցուած կառավարութիւնը: Հիմա պահն է, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատէ Լիպիոյ հետ։ Քանի որ Թուրքիան իր շրջափակմամբ եւ հակահայկական տնտեսական ու դիւանագիտական ​​ջանքերով կը մեկուսացնէ Հայաստանը հարեւաններէն, ի պատասխան, Հայաստանը պէտք է համագործակցի աջակից երկիրներու հետ եւ մեկուսացնէ Թուրքիան իր հնարաւորութիւններուն չափով։

Լաւ յարաբերութիւններ հաստատելով Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան հետ՝ Հայաստանը նաեւ կրնայ սերտացնել իր յարաբերութիւնները Եգիպտոսի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ եւ շտկել գոյութիւն չունեցող իր յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան հետ։ Վստահ եմ, որ այդ երկիրները պիտի գնահատեն Հայաստանի կառավարութեան մեկնած բարեկամական ձեռքը:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը