Ախալցխայի «Արմաթ» Ճարտարագիտական Տարրալուծարանը Բժիշկներուն Պաշտպանիչ Դիմավահաններ Փոխանցեց

Սփիւռք

«Ջաւախքին Աջակցութիւն» հիմնադրամի ջանքերով՝ Հրայր եւ Աննա Յովնանեաններ հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ՝ Ախալցխայի մէջ հիմնադրուած «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարանը, Մայիս 11-ին, «Արմաթ»ը բուժհաստատութիւններու կողքին է» շարժման ծիրէն ներս՝ քաղաքի «Իմեդի» բժշկական կեդրոնին փոխանցեց «քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու միջոցներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Akhaltskha.net-էն։

Պաշտպանիչ դիմավահանները «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարանի խմբակավար Մանուշակ Նահապետեանը փոխանցեց «Իմեդի» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Կիրորկի Պարամիձէին։

Յիշեցնենք, որ Ախալցխայի «Իմեդի» բժշկական կեդրոնին մէջ այժմ կը գործէ յատուկ կէտ, ուր յաճախ մեկուսացման գօտիներէն կը տեղափոխեն ջերմողները։ Այս պահուն «Իմեդի» բժշկական կեդրոնի մէջ կայ «քորոնա» վարակի 4 դէպք եւ այդ իսկ պատճառով դիմավահաններ բժիշկներուն համար նույինպէս շատ կարեւոր էին մնացած պաշտպանիչ միջոցներուն հետ միասին։

«Արմաթ»ը բուժհաստատութիւններու կողքին է» շարժման ծիրէն ներս, արդէն պաշտպանիչ դիմավահաններ յանձնուած են Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի եւ Ասպինձայի հանրային բուժհաստատութիւններուն։