Յիշել Եւ Պահանջել «Ժահրային Ցեղասպանութեան» Ժամանակներուն Եւ Անկէ Յետոյ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խ. Տէր Ղուկասեան

28 Մարտ 2020ին, Հասարակական Իրաւունքներու և Ֆրանսիսքեան Վարդապետութեան Դատաւորներու Համաամերիկեան Կոմիտէի նախագահ Ռոպերթօ Անտրէս Կալեարտօ հրապարակային ըրաւ Ֆրանսիսքօ Պապէն իրեն ուղղուած նամակը, ուր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետը կոչ կ’ուղղէ պետութիւններուն առաջնահերթային համարել քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ժողովուրդի պաշտպանութիւնը: Այլապէս, կը զգուշացնէ ան, մարդկութիւնը պիտի գտնուի «ժահրային ցեղասպանութեան մը» դէմ յանդիման:

«Ցեղասպանութիւն» յղացքը կարելի չէ գործածել պարզապէս զգայնութիւններ առաջացնելու համար: Հեղինակաւոր դիրքերէ անոր գործածութիւնը պատասխանատու նախաձեռնութիւն է: Օրին, ԱՄՆի Պետական Քարտուղար Քոլին Փաուըլ ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովին Սուտանի իշխանութիւններուն ամբաստանեց Տարֆուրի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործադրելու մէջ: Նման յայտարարութիւն կ’ենթադրէր միջազգային միջամտութեան մը առաջարկը սեղանի վրայ դնել և անոր գործադրութեան ղեկավարութիւնը ստանձնել՝ կանխարգիլելու համար մարդկութեան դէմ ոճիրը, որուն ահազանգը ի լուր աշխարհի հնչեցած էր: Պուշի վարչակարգը, սակայն, Սուտանի հետ բանակցեցաւ և իր յայտարարած «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ին ափրիկեան ցամաքամասին վրայ աշխարհաքաղաքականօրէն կարևոր դիրք ունեցող այդ երկրին գործակցութիւնը ապահովեց: «Ցեղասպանութեան» ամբաստանութիւնը այդ ձևով վերածուեցաւ ռազմաքաղաքական բանակցութեանց ընթացքին օգտագործելի դիւանագիտական միջոցի: «Ցեղասպանութիւն» յղացքի նման անպասխանատու գործածութիւն, «պանալ»ացում, յղացքը կը զրկէ իր հրէշային բովանդակութենէն, զայն կը վերածէ դիւանագիտական բանակցութեան գործիքի մը, որ պատմական ճշմարտութեան հետ կրնայ և բոլորովին կապ չունենալ: Ազրպէյճան և Թուրքիա «ցեղասպանութիւն» յղացքին «պանալ»ացումը հասցուցած են իր ամենաշնական մակարդակին՝ Խոճալուի ողբերգութիւնը արհեստականօրէն բանաձևելով որպէս «ցեղասպանութիւն» և զոհը դահիճի դերին մէջ դնելու դիւանագիտական ծրագրուած, աշխոյժ և համաշխարհային մասշտապով քարոզարշաւի մը դիմելով:

Բայց «ժահրային ցեղասպանութեան» մասին աշխարհը զգուշացնող Պապը գիտէ՛ այդ յղացքին ահաւոր նշանակութիւնը: Այնքան գիտակից է անոր, որ հինգ տարի առաջ, Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցին առիթով, հայ ժողովուրդի բնաջնջման փորձի պատմական փաստը բերելով ան զգուշացուց Միջին Արևելքի մէջ քրիստոնեաներու անէացման մասին: Ոչ զգայնացունց յայտարարութիւն, ոչ ալ լոկ պատկերաւոր բանաձևում մըն է՝ «ժահրային ցեղասպանութեան» մը սպառնալիքին մասին Պապին այս բանաձևումը: Պետութիւններու անպատասխանատու, այլև ոճրագործ անտարբերութիւնն ու ուշացումը տասնեակ հազարաւորներու մահուան պատճառ դարձած է արդէն: Նոյնքան դատապարտելի է կարգ մը պետութիւններու և պետական անձնաւորութիւններու ժխտումը համաճարակի աղէտային բնոյթին: Եւ արդե՞օք պետութիւններու անպատասխանատու վերաբերմունքը չէ եղած պատճառը ամբողջ հաւաքականութեան մը դէմ 105 տարի առաջ գործադրուած պետական այն ոճիրին որ Ռաֆայէլ Լեմքին, Երկրորդ Աշխարհամարտի օրերուն տեղի ունեցող Ողջակիզման ժամանակ, իրաւականօրէն բանաձևեց որպէս «ցեղասպանութիւն»: Ե՛ւ արարքի գործադրութեան, ե՛ւ անոր կանխարգիլման մէջ թերանալու իմաստով: Թուրքիոյ գերագոյն օրինակի հետևումով, ցեղասպան պետութիւններն են նաև որ ոճիրին ժխտումը կը վերածեն պետական քաղաքականութեան:

«Ժահրային ցեղասպանութեան» սպառնալիքը համաճարակի այսօրուայ իրավիճակին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամէն խորհրդածութիւն կը դնէ կրկնակի դժուարութեան դէմ յանդիման:

Անոնցմէ առաջինը ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան մասին գրելու դժուարութիւնն է, ի մասնաւորի երբ, Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, անհաւասար ուժերու պայքարը ծայրայեղ զգուշութիւն կը թելադրէ: Ոչ միայն յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ կենդանի պահելու համար, այլև պահանջատիրութեան գործընթացի արժևորման պահուն միամիտ լաւատեսութիւնն ու ժխտական յուսալքութիւնը բացառելու իմաստով: Հայ Դատի ծնունդով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը կը հասկցուի որպէս ոճիրի ճանաչման և արդարահատոյցի պահանջատիրութիւն: Այսինքն՝ քաղաքական գործ և յանձնառութիւն, որ, իր կարգին, անդադար քննարկումի և արժևորման կարիքը ունի որպէսզի կարելի ըլլայ փորձառութենէն դասեր քաղել և առաջ ընթանալ:

Ցեղասպանութեան 105ամեակը Հայ Դատի առաջընթացի վերլուծական արժևորման քիչ նիւթ չի պարունակեր: Կայ, սկսելու համար, Համահայկական Հռչակագրի, իր տեսակին մէջ միա՛կ համահայկական փաստաթուղթը մինչ օրս, ի լուր աշխարհի յայտարարութիւն/յանձնառութիւնը՝ սկիզբ տալու պահանջատիրութեան արդարահատոյցի հանգրուանին որ կ’ենթադրէր պետական դիւանագիտութեան և Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու շատ աւելի ծրագրուած և համակարգուած գործընթաց մը ուր թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութեան նոր քարոզարշաւին զգաստ ըլլալու և հակազդելու հրամայականը առաջնահերթային պիտի ըլլար: Արդ, որքանո՞վ Սփիւռքի մէջ արդարահատոյցի պահանջատիրութիւնը գործնական քայլերու վերածած քանի մը նախաձեռնութիւնները, որոնց կարգին՝ Սիսի Կաթողիկոսութեան վերադարձի դատական գործը և Հայոց Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի ուսումնասիրութեան խմբակի պատրաստած Արդարացի Լուծում փաստաթուղթը -երկուքն ալ աննախընթաց իրենց տեսակին մէջ-, նկատի առնուեցան հայրենի պետական քաղաքականութեան օրակարգին վրայ: Անցեալ տարուայ ընթացքին Հայ Դատի արձանագրած երկու կարևոր քաղաքական յաղթանակները՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆի Գոնկրէսին և Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ, իրենց կարգին խոհրդածութեան և քննարկումի նիւթ պիտի ըլլային և յաջորդ քայլերուն մասին պիտի մտածուէր:

Սակայն Հայ Դատի յառաջընթացի վերլուծում/քննարկումը, ինչպէս և Ցեղասպանութեան 105ամեակի ձեռնարկները, դէմ յանդիման եկան քորոնաժահրի համաճարակի ստիպած տունը մնալու հրամայականին: Ապրիլեան յիշատակման առկախումը հարց չի կրնար ըլլալ: Կը մնայ որ այդ մէկը գրեթէ ամենուրեք պիտի կատարուի առաւելաբար, եթէ ոչ բացառաբար, համացանցի և սոցիալական ցանցերու օգտագործումով: Այդ միջոցները արդէն կը գործադրուին Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ: Բայց երբեք չէ պատահած որ Ապրիլ 24ի յիշատակումը բացառաբար վիրթուալ ըլլար, ջնջուէին բոլոր հանրային նախաձեռնութիւնները՝ կրօնական արարողութիւններէն մինչև քաղաքական հաւաքներ և բողոքի երթացոյցեր: Հետևաբար, համացանցի և սոցիալական ցանցերու օգտագործումը 105ամեակի առիթով յաւելեալ ստեղծագործական ճիգի պիտի կարօտի որպէսզի Ապրիլեան յիշատակումը ունենայ այն արձագանգը, որ ընդհանրապէս կ’ունենան յիշատակումի ընթացիկ ձեռնարկները: Յիշեցնենք որ այդ արձագանգը ինքնին քաղաքական նշանակութիւն ունի և լոկ «ռէյթինկ»ի հարց չէ եղած բնաւ: Աւելի՛ն, ստեղծագործական յաւելեալ ճիգը պիտի ծրագրուի Ապրիլեան յիշատակման նախորդող քանի մը սեղմ շաբաթներու ընթացքին և առանց նախընթացի մը որուն վերամտածումն ու վերամշակումը կրնային թերևս հեշտացնել աշխատանքը:

Բայց այդ չէ քորոնաժահրային համաճարակի պայմաններուն մէջ Ցեղասպանութեան մասին խորհրդածելու երկրորդ դժուարութիւնը: Քիչ մը ուժ տալով լաւատեսութեան, կրնանք թերևս մտածել իսհ որ փորձառութիւնը դաս կ’ըլլայ պահանջատիրական նոր ձևերու յայտնաբերման, եթէ Ապրիլեան յիշատակման յաջորդող հանգրուանին, Հայաստանի թէ Սփիւռքեան տարբեր համայնքներու նմանաբնոյթ նախաձեռնութիւնները բաղդատական խորհրդածութեան նիւթ ըլլան և չմնան լոկ լրատւութիւն: Ցեղասպանութեան մասին խորհրդածելու դժուարութիւնը կը կայանայ նոյնինքն «ժահրային ցեղասպանութեան» համամարդկային սպառնալիքին մէջ հայ ժողովուրդի եզակիօրէն եղեռաբաղդ փորձառութեան տեղը գտնելու մարտահրաւէրին մէջ: Կամ, ինչպէս շատեր արդարօրէն պարզաբանեցին այս մասին եղած խօսակցութիւններու ընթացքին. «ինչպէ՞ս անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջ մարդկութեան դիմագրաւած աղէտի պայմաններու մէջ»: Ի՞նչպէս որևէ հայկական համայնք կրնայ իր ապրած հասարակութեան մէջ, իր համաքաղաքացիներուն և քաղաքական ներկայացուցիչներուն դիմել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման խնդրով, երբ վարակումներու և ժահրի պատճառով մահացողներու թիւը անոնց անմիջական մտահոգութիւնն ու անձկութիւնն են, ինչպէս որ առօրեայ են նաև իւրաքանչիւր հայու հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի… «Ժահրային ցեղասպանութիւնը» սկզբունքով ազգային, կրօնական թէ դասակարգային տարբերութիւն չի դներ -թէև, պէտք է նշել, ժահրին զոհերը շատ աւելի են և պիտի ըլլան հասարակութեան ամենաանպաշտպան խաւերուն մէջ: Այս նկատողութենէն պէտք չէ հետևցնել, որ քաղաքական անձնաւորութիւններ յայտարարութիւններ չընեն կամ բոլորովին անտեսեն Ապրիլ 24ի առիթով իրենցմէ ակնկալուած հրապարակային դիրքորոշումը: Հարցը սակայն այդ բոլորին անդրադարձն է հանրային կարծիքին մօտ: Մանաւանդ որ սպասելի է թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութեան ներթափանցումը քորոնաժահրային պայմաններու յատուկ միջազգային քաղաքական մրցակցութեան մէջ: Ծանօթ է որ Թուրքիան արդէն նախաձեռնած է տարածաշրջանային ուժի իր դիրքի քարոզչութեան դրացի երկիրներու, ներառեալ՝ Հայաստանի, առաջարկելով բժշկական և մարդկային օժանդակութիւն: Անկարելի չէ որ այդ քարոզչութիւնը նաև շնականանայ այնքան, որ համամարդկային աղէտի այս պայմաններուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը, դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով թէ զանգուածային լրատուական միջոցներու ու սոցիալական ցանցերու մէջ համակարգուած արշաւով, ներկայացնէ որպէս ազգայնամոլական, շրջապատի ու մարդկութեան աղէտէն օտարացած ու համատարած անձկութեան հանդէպ անտարբեր հաւաքականութեան մը նախաձեռնութիւնը: Թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը պիտի ուզէ համաշխարհային տագնապի պայմաններէն օգտուիլ չէզոքացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, անհետացնելու անոր անմարդկայնութիւնը կամ, աւելի շնականօրէն, այդ պահանջատիրութիւնը պատկերացնելու որպէս անմարդկայնութիւն:

Թերևս այս խորհրդածութիւնը թուի անիրական չափազանցութիւն, անտեղի մտահոգութիւն մը երբ ընդհանուր համոզումն այն է, որ հակառակ համաճարակի համաշխարհային մասշտապին քորոնաժահրէն յետոյ կեանքը պիտի շարունակուի: Դժուար օրեր, անկասկած, պիտի սպասել թէկուզ և երբ քորոնաժահրէն մահերու և վարակուածներու թիւը նուազելու սկսի և անհետանայ և քաղաքական ու տնտեսական գործառոյթները վերադառնան իրենց բնականոն հունին (business as usual): Ի վերջոյ, քորոնաժահրային աղէտը արգելք չհանդիսացաւ ԱՄՆ-Չինաստան լարուածութեան մեղմացման, Սուրիոյ պատերազմի ճակատները կը մնան թէժ, քարիւղի գինին շուրջ միջ-պետական բախումներն ու բանակցութիւնները փաստը կու տան ազգային թէ հատուածական շահերու նկատառման տրամաբանութեան շարունակումին և Ուաշինկթըն արդէն կը պատրաստուի «թմրադեղերու դէմ պատերազմ»ի պատրուակով Վենեզուելայի դէմ զինուորական միջամտութեան ենթահողի ստեղծման: Կը մնայ որ համաշխարհային ընկերատնտեսական տագնապը այնքան խորունկ պիտի ըլլայ յետ-քորոնառահրային աշխարհակարգի մէջ, որ հազիւ թէ ոևէ վերլուծաբան կը համարձակի բացառել համակարգային փոփոխութեան մը անխուսափելիութիւնը: Այդ փոփոխութիւնը որքանո՞վ նկատի պիտի ունենայ միջազգային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը խուսափելու համար հետագայ նմանօրինակ աղէտներէ աշխարհի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր երկիր, իւրաքանչիւր հասարակութիւն ինքնիր մէջ փակուելու և իր վերապրումը ապահովելու մասին պիտի մտածէ ամենէն առաջ: «Ժահրային ցեղասպանութեան» սպառնալիքի և յետ-քորոնաժահրային աշխարհի անորոշութեան պատճառով է որ այսօր կը դժուարանայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իմաստալից խորհրդածութիւն մը, անցեալի վերլուծում և հետագայ քայլերու տեսլական մը բանականացնել:

Ցեղասպանութեան 105ամեակի այս աննախընթաց ու բացառիկ պայմաններուն մէջ գիտենք միայն որ յիշելու և պահանջելու մեր յանձնառութիւնը անգամ մը ևս պիտի հաստատենք դիմագրաւելու համար յետ-քորոնաժահրային ժամանակներու մարտահրաւէրը: Նորութիւն չկայ այս ըսուածին մէջ, ընդհակառակը՝ դասական ու մինչև իսկ ձանձրացուցիչ բանաձևում մըն է: Անոր այժմէականութիւնը և կարևորութիւնը ի խորոց սրտի անգամ մը ևս հասկնալու համար պիտի մտաբերել այս տարուայ Զատկուայ Տօնին (Ապրիլ 12) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Արամ Վեհափառին դէմքն ու արցունքոտ աչքերը երբ կը հնչէր Կիլիկիան՝ հաւատացեալներէ պարապ եկեղեցւոյ մէջ: Ցեղասպանութիւնը պարպեց «չքնաղ երկիր մեր Արմենիան», և եթէ վերապրեցանք այդ եղաւ նաև որովհետև հաւատացինք որ աշխարհացրիւ հայութենէն պիտի կերտենք միասնակամ Սփիւռք, ուր «ցանկամ տեսնել»ը ամրակայեց կուռ հաւատք մը Հայ Դատի արդարութեան, արդարահատոյցին՝ վերատիրանալու այն հողերուն որ մեզմէ պարպուեցան: Այդ հաւատքի ուժով է որ նոյն այդ Տաճարի բակին մէջ Արամ Վեհափառը արձակեց իր հզօր «ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ»ը տխրահռչակ Փրոթոքոլներուն: Երբեմն պատկեր մը աւելի հզօր է արտայայտելու համար յանձնառութիւն մը որ բանականութիւնը կը դժուարանայ համոզիչ կերպով շարադրել: Ցեղասպանութեան  105ամեակին պատգամը թող ըլլայ Արամ Վեհափառին դէմքը և արցունքոտ հայեացքը, ուր, ինչպէս Նազարէթ Պէրպէրեան իր այդ օրուայ ֆէյսպուքեան գրառման մէջ փայլուն կերպով կը բանաձևէ, «կը կայծկլտար ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՒԱՏՔԻ ԿԱՆԹԵՂԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ»: