Քաղաքակրթութիւններու Անճրկումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ասպարէզ»-ի խմբագրական

«Քորոնա» ժահրի համաճարակով ստեղծուած տագնապահար այս իրականութեան մէջ, երբ ազգովին, պարտադրուած սահմանափակումներով՝ կ՛ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը չենք կրնար չնկատել պատմութեան հեգնանքը՝ ոգեկոչելու մարդկային ողբերգութիւն մը, պատմական չարիք մը ապրելով միաժամանակ մարդկային ողբերգութեան մը, պատմական արհաւիրքի մը մէկ այլ իրականութեան մէջ: Այդպէս է: Որքան համաճարակը իր համաշխարհային տարողութեամբ ու գործած համատարած սպանդով  մարդկային ողբերգութեան սեւ էջ մը կը բանայ ժամանակակից քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ, նոյնքան ալ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած չարիքը, ազգի մը սահմանագիծերէն անդին, ըստ էութեան համամարդկային ողբերգութեան տխուր էջ մը կը հանդիսանայ:

Այս զուգահեռը երկու ողբերգութիւնները իրարու հետ համեմատելու նպատակով կամ տրամաբանութեամբ չէ որ կը գծենք: Անշո՛ւշտ որ համեմատելի չեն կրնար ըլլալ, երբ ժահրի համաճարակը բնութեան մէկ աղէտաբեր խաղն է մարդկութեան գլխուն, իսկ մեր ազգին դէմ գործուած ոճրագործութիւնը կանխամտածուած ու ծրագրուած յանցագործութիւն մըն էր անկասկած:

Զուգահեռը, յատկապէս մատնացոյց ընելու համար է՝ մարդկութեան ու անոր ստեղծած քաղաքակրթութիւններու անճրկումը, երկու պարագաներուն: Համաճարակը եկաւ բացայայտելու, որ հակառակ մարդկութեան արձանագրած գիտական եւ արհեստագիտական զարգացումներուն,անոր բարեկեցութիւնը որքան անապահով է, երբ այդ նուաճումները առաւելապէս կը ծառայեն շահադիտական նպատակներու: Իսկ մեր ժողովուրդին դէմ 105 տարիներ առաջ գործադրուած գերագոյն չարիքը, միջազգային շահադիտական հաշիւներով ազգ մը ամբողջ զոհաբերելու փորձութիւնը պատմութեան էջերուն գրուած դասական օրինակ մըն է քաղաքակրթութիւններու ձախողութեան՝ ոչ միայն կանխարգիլելու վերահաս աղէտը, այլեւ վերացնելու անոր ահաւոր հետեւանքները:

Քաղաքակրթութիւններու անճրկումին այս խորապատկերին վրայ պէտք է յատկանշուի  յառաջդիմական գաղափարական շարժումներու դերը: Համաճարակը լաւագոյն առիթը եղաւ մերկացնելու աշխարհը կլանած նէոլիպերալ տնտեսական գաղափարախօսութեան ձախաւերութիւնը՝ յատկապէս մարդկութեան բարօրութեան, անոր ընկերային ու առողջապահական ապահովութեան՝ իր սահմանած գործարկումներուն մէջ:

Գաղափարական շարժումներու յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ պատռել այս խաբուսիկ բարօրութեան շղարշը եւ լծուիլ ընկերային բարեկեցութեան եւ արդարութեան իրա՛ւ հիմքերու վրայ ընկերութիւններու կառուցման գործին:

Մեր Գաղափարական շարժումի ուսերուն կ՛իյնայ յառաջամարտիկը մնալ մեր ազգային պահանջատիրութեան պայքարի ճակատներուն վրայ: Հարուստ են մեր կենսափորձն ու աւանդը այս պայքարին մէջ: Պատկառելի է այս կենսափորձով ու աւանդով վարակուած սերունդներու ներդրումը մեր ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ:

Վարակենք նաեւ եկող սերունդները: