ՀՅԴ Բիւրոն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Արցախի Հարցով ՌԴ ԱԳ Նախարարի Մօտեցումներուն Վերաբերեալ. Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ՝ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու այս փուլին մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի երէկուան արտայայտած մօտեցումներուն վերաբերեալ։ ՀՅԴ Բիւրոն նաև իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, որ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարի այդ յայտարարութիւնը կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հեռավար հանդիպումէն ընդամէնը ժամեր առաջ։

Ցանկացած կարգաւորման բանաձեւի մէջ առաջնայինը պէտք է ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը։ Իսկ կողմերուն միջեւ ցանկացած համաձայնութիւն պէտք է ըլլայ համարժէք եւ միաժամանակեայ։

Ուղղակի անհրաժեշտութիւն է յստակ հայեցակարգի վրայ հիմնուած աշխատանքներու իրականացումը, ինչպէս Արցախի Հանրապետութեան հետ ՀՀ-ի ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագրի ստորագրումը, եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխոյժ քայլերու ձեռնարկումը։

Կ՝ակնկալենք ու կը պահանջենք ՀՀ իշխանութիւններէն բանակցային գործընթացին մէջ առաջնորդուիլ Արցախի ժողովուրդի 1991թ. անկախութեան եւ յետագայ սահմանադրական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած կամարտայայտութեամբ։

ՀՀ իշխանութիւնները պարտաւոր են պաշտոնապէս յայտարարելու, որ սեղանին չկայ հակամարտութեան փուլային կարգաւորում ենթադրող փաստաթուղթ եւ որ Հայաստանը ատիկա ստորագրելու արտաքին ճնշումներուն ենթակայ չէ։

Միաժամանակ, հարկ կը համարենք արձանագրելու, որ արտաքին ճնշումներուն դիմակայելու միակ միջոցը համազգային համերաշխութիւնն է, որ ստեղծելու գլխաւոր պատասխանատուն ՀՀ իշխանութիւններն են. Արցախի հիմնահարցին մէջ, բոլո՛րս, ազգովի պատասխանատւութիւն եւ ընելիք ունինք։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
21 Ապրիլ 2020