«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Զինծառայողներէն 6-ը Ապաքինուած Են Եւ Ծառայութեան Վերադարձած

Հայաստան

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուած զինծառայողներէն 6-ը ապաքինուած են եւ վերադարձած ծառայութեան։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի,  Ապրիլ 13-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, ըսած է Զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեան։

«Այսօր առաւօտեան, ժամը 11։00-ի դրութեամբ` 6 զինծառայող աւարտած է բուժումը եւ դուրս ելած հիւանդանոցէն` յետագայ ծառայութեան մասնակցելու համար»,- ըսած է Օհանեան։

Յստակ թիւ չնշելով՝ Սահակ Օհանեան ըսած է, որ այս պահուն «քորոնա» ժահրէն բուժում ստացող զինծառայողներուն թիւը չնչին է։