Ցեղասպանութենէն Ետք Անիի Աւերակները Դարձած Են Հայաստանի Կորուստներու Մասին Յիշատակի Խորհրդանիշներէն Մէկը

Էրկիր

National Geographic յայտնի ամսագիրը հրապարակած է Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Անիին նուիրուած յօդուած մը «Այս լքուած վայրը ժամանակին եղած է «1,001 եկեղեցիներու քաղաք» (This abandoned site was once the ‘City of 1,001 Churches’):

Յօդուածին հեղինակ Անթօնիօ Ռաթթիի համաձայն` 10-րդ դարուն «հազար ու մի եկեղեցիներու» քաղաքը դարձած է Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ 100 հազար մարդու տունը:

«Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ առեւտրային ուղիներու երկայնքով անոր ռազմավարական դիրքը Անին դարձուցած է գրաւիչ տիրակալութիւն` հարիւրամեակներ շարունակ քաղաքը մատնելով ներխուժումներու եւ վերջաւորութեան լքուածութեան երկար ժամանակահատուածի»,- նշած է Ռաթթի:

«Հայաստանի միջնադարեան թագաւորութիւնը ժամանակին տարածուած է ժամանակակից պետութեան սահմաններէն հեռու: Հին ժամանակներուն այս հողերը անցած են պարսիկներու, սելեւկեաններու, պարթեւներու եւ հռոմէացիներու վերահսկողութեան տակ»,- նշած է ան` աւելցնելով, որ անկախ այս կայսրութիւններու վերելքներէն ու անկումներէն` Անիի մէջ գերակշռած է հայ ինքնութիւնը:

«Քաղաքի անխռով աւերակները, որ դարեր շարունակ լեփ-լեցուն էին բանակներով, հայերու համար միշտ յատուկ վայր եղած է: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք այս վայրը դարձած է Հայաստանի կորուստներու մասին յիշատակի եւ անոր զարմանահրաշ աննկունութեան խորհրդանիշներէն մէկը»,- եզրափակած է հեղինակը: