Աւետում

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յովսէփ Սէֆէրեան

Ամէն ինչ սկսաւ այցելութեամբ մը, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը եկաւ կոյս Մարիամի տեսութեան եւ տուաւ բարի լուրը, Աւետիսը՝ «Ողջոյն Քեզ, Մարիամ, լի շնորհօք, Տէր ընդ Քեզ, օրհնեալ ես դու ի կանայս եւ օրհնեալ է Պտուղն որովայնի քո, Յիսուս…»։

Յաջորդեց Տիրամօր հեզ ու համեստ պատասխանը՝ «Թող իմ Տիրոջ կամքն ըլլայ…», Ի դէպ, մեր նախահայրերը իմաստուն ձեւով «հայացուցած» են հետեւեալ կերպ լատիներէնով արտայայտուող Գաբրիէլ Հրեշտակապետին ave disse/ողջոյն ըսաւ-ը ուրկէ կու գայ մեր լեզուին մէջ տեղ գտած աւետիս/Աւետիս- բարի լուր/ անձի անուանումը:

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի գահակալութեան օրոք, Ապրիլ7-ը յայտարարուեցաւ, Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օր, իսկ Մարտ 8 նշելու հետամուտ խումբեր աղմուկ բարձրացուցին՝ մերժելով զայն։ Վերջաւորութեան գտնուեցաւ միջին եզր մը, Պետական տօն, ոչ աշխատանքային օր, պահելով Մարտ 8-ը, իսկ ներառեցին Ապրիլ 7-ի յիշատակումը՝ ստեղծելով միամսեակի խաբկանք մը, երբ հակառակը ՃԻՇԴ պիտի ըլլար Ազգիս համար, պարզապէս, որովհետեւ Մարտ 8-ը միջազգային տօն է, իսկ Աւետման Տօնը՝ Ապրիլ 7-ը, միայն հայկական է , ինչպէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին միակն է ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ, որ իր բոլոր եկեղեցիներու կեդրոնական խորանները նուիրած է Աստուածամօր:

Հպարտօրէն կրնանք նշել, որ մեր անցեալի եւ մօտիկ անցեալի պատմութիւնը, կու գայ փաստելու, որ մեր մայրերու մօտ արդարօրէն նմանութիւններ կան Տիրամօր հետ, որովհետեւ մեր սուրբ հայրերէն մեզի փոխանցուած է այն հաւատամքը, որ Տիրամօր վերագրուած գեղեցկութիւնն ու շնորհը միայն ֆիզիքական առաւելութիւններ չէին, պայմաններու բերումով անցողիկ երեւոյթ պիտի չդառնային, Աստուածածինը, առաջին հերթին, Մայր էր Զաւակի մը, որուն կեանքը իրեն պիտի պատճառէր անասելի սրտի խոցեր եւ ինք, իբրև ուժեղ կին, պիտի տոկար ու տոկաց այդ բոլորին, ինչպէս բազում հայ ազգի մայրեր ըրին:

Արդ, սիրելի մայրեր, քոյրեր, հարսեր եւ աղջիկներ, այսօր կը շնորհաւորեմ Ձեր Տօնը՝ մաղթելով, որ հետեւիք Տիրամօր օրինակին, ըլլաք գեղեցիկ, բայց նաեւ ըլլաք արի ու բարի, ըլլաք ուժեղ, եւ այս օրերուն, երբ աշխարհով մէկ վարակ մը կաշկանդած է համայն մարդկութեան կեանքը, հաւատքով եւ լաւատեսութեամբ դիմենք մեր մեծագոյն Բարեխօսին, գեղեցիկ այս շարականի բառերով. «Ընդ հովանեաւ պաշտպանութեան քո ապաւինիմք Սուրբ Աստուածածին, Մի անտես առներ զաղաչանս մեր ի կարիս մեր, այլ միշտ փրկեա յամենայն Վտանգից մերոց, փառաւորեալ եւ օրհնեալ մի՛շտ Սուրբ Կոյս»։