ՀՄԸՄ-ը՝ «Միշտ Պատրաստ» Սկզբունքով. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

Իր պատմութեան երկրորդ հարիւրամեակը թեւակոխած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, սկաուտական եւ մարզական միութիւն մը ըլլալու կողքին, իր հարազատ ժողովուրդին տագնապներով ապրող միութիւն մըն է: Ժողովուրդէն ծնած` ժողովուրդին համար գործող այս միութիւնը «Միշտ պատրաստ» սկզբունքով կը հասնի հո՛ն, ուր կարիքը կը զգացուի օժանդակութեան:

Այսօր համայն մարդկութեան հետ տագնապահար է աշխարհասփիւռ հայութիւնը: «Քորոնա» ժահրին վտանգը ամէնուրեք ստեղծած է ահազանգային կացութիւն: Այդ կացութիւնը շատ աւելի ծանրակշիռ տարողութիւն ունի ամիսներէ ի վեր տնտեսական սուր տագնապ դիմագրաւող Լիբանանի մէջ, ուր ընկերային անապահով պայմաններու մէջ ապրող մեծաթիւ հայ ընտանիքներ կը դիմագրաւեն իրենց տարրական կարիքները հոգալու, իրենց գոյութիւնն ու գոյատեւումը ապահովելու լուրջ դժուարութիւն:

Մեծ է լիբանանահայութեան ներդրումը ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցի կազմաւորման, զարգացման եւ հզօրացման մէջ: Լիբանանահայութիւնը եղած է ու կը մնայ ՀՄԸՄ-ի ազգանուէր գործունէութեան անվերապահ աջակիցը: Այսօր, երբ պայմաններու բերումով լիբանանահայութիւնը ի՛նք աջակցութեան կարիքը ունի, փոխադարձութեան կարգով եւ երախտապարտութեան մօտեցումով, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը անհրաժեշտ կը զգայ իր մասնակցութիւնը բերել լիբանանահայութեան ցաւերը ամոքելու աշխատանքին:

Առ այդ, ՀՄԸՄ-ական նուիրատուի մը ազնիւ բարերարութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Ս. Զատկուան տօնի նախօրեակին, սննդեղէնի 1000 տուփ կը յատկացնէ «Քորոնա»-ի Լիբանանի ճգնաժամային շտապին, որպէսզի յարմարագոյն ձեւով զանոնք բաժնէ կարիքաւոր հայ ընտանիքներու` առիթը ընծայելով, որ անոնք չզրկուին տօնական սեղաններ ունենալու բնական իրաւունքէն եւ բերկրանքէն:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան այս նախաձեռնութեան գործնականացման կը նպաստէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը, որուն կամաւոր անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նպաստաբաշխումի աշխատանքին:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 7 Ապրիլ 2020