Տոմս.- Շան Պոչը Կաղապար Դնելու Մասին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Ծանօթ անեկդոտ է. «Շան պոչը 40 տարի տափակցնող կաղապարի մէջ դրած են, երբ դուրս հանած են, դարձեալ ոլորուած է»:

Ինչո՞ւ յիշեցինք առածի կարգ անցած այս խօսքը: Որովհետեւ Թուրքիա քանի մը օր առաջ գրաւած էր Սպանիոյ յատկացուած բժշկական պիտոյքներ, որոնք Չինաստանէն Սպանիա կը փոխադրուէին: Ըսուեցաւ, որ անոնք վար դրուած են, որովհետեւ Թուրքիա անոնց կարիքը ունի: Յետոյ, երբ աղմուկ բարձրացաւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հերքեց լուրը եւ խոստացաւ մթերքը Սպանիա ղրկել: Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ:

Սխալէն ետդարձը չի ջնջեր եղածը, ո՛չ ալ պարզ ճշմարտութիւնը, թէ՝ Թուրքիա կը մնայ հին աւազակը, որ ինքզինք կը փորձէ պատշաճեցնել նոր աշխարհին: Անցեալին, այլոց հողն ու կեանքերը կը կողոպտուէին ամենայն վայրագութեամբ (հիմա այդ վարքագիծը վերջ չէ գտած), այսօր՝ ուրիշին սահմանուած մթերքներ: Մի՛շտ նոյն աւազակն ու ոճրագործը, որ շան պոչին պէս կաղապար ճչի ճանչնար:

Օ՜. Ճշդում մը: Թուրքիա կրնայ հպարտ զգալ եւ ինքզինք արդարացնել, որովհետեւ նման կողոպուտի մէջ առանձնակի երեւոյթ չէ: Միացեալ Նահանգներ գողցած են եւրոպական երկիրներու սահմանուած պիտոյքներ ու սարքեր, Իտալիա գողցած է Թունուզի սահմանուած նման մթերք, իսկ Չինաստանէն Իտալիա ղրկուած դիմակներ եւ այլ պիտոյքներ «լոյս ընկած են» Չեխիոյ մէջ, որ բացատրած է, թէ անիկա մաքսանենգերու գործն է եւ խոստացած է Իտալիոյ փոխ հատուցում կատարել: Նիւ Եորքի քաղաքապետն ու այլ կառավարիչներ ալ կը գանգատին, որովհետեւ ամերիկեան դաշնակցային կառավարութիւնը պահեստանոցներու մէջ կը պահէ պէտք եղած սարքերը: Ու պատմութիւնը նոր դրուագներով կը հարստանայ օրերու թաւալումին հետ:

…Բազմահազար բժիշկներ եւ հիւանդապահներ օրական աւելի քան 10 ժամ կ’աշխատին, իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով, որպէսզի Պսակաձեւ ժահրը, շատ մը ուրիշ բաներու կողքին, նոր իմաստ եւ խորք տայ համաշխարհայնացում հասկացութեան, թրքական աւազակաբարոյ նկարագիրով վարակելով ուրիշներ: